Արեւմտեան մեր Թեմին հայրապետական իր օրհնաբեր այցելութեան առիթով, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կիրակի, 2 Հոկտեմբերի առաւօտուն, Ս. Պատարագ մատուցեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, ներկայ հաւատացեալներուն ուղղեց հոգեշունչ պատգամ մը, իսկ ներկաները Նորին Ս. Օծութեան օրհնութիւնը ստացան աջահամբոյրով:
Նորին Ս. Օծութիւնը հոգեւորականաց շքեղ թափօրով եւ ամպհովանիով «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճէն ուղղուեցաւ դէպի «Աւետիսեան» սրահ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու ընկերակցութեամբ, սրահի մուտքին դիմաւորուեցաւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտութեան եւ հաւատացեալներու բազմութեան կողմէ։ «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ Վեհափառ Հայրապետը բարձրացաւ խորան եւ Ս. Պատարագ մատուցեց առընթերակայութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի: Ներկայ էին Ղըպտի համայնքի առաջնորդ Տ. Սրաբիոն Եպիսկոպոսի ներկայացուցիչ Հայր Անթընի Աթալլա, Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի փոխ գլխաւոր հիւպատոս Տիար Վալերի Մկրտումեան եւ խորհրդական Տիար Ռազմիկ Ստեփանեան, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան ու թեմիս Ազգ.
buy cymbalta online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/cymbalta.html no prescription
Վարչութեան անդամներ, հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներ, ծխական շրջաններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Թեմիս եկեղեցիներու դպրաց դասի անդամներէն եւ մեներգողներէն կազմուած երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Քրեսենթա Հովիտի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի։ Երգեհոնի վրայ ընկերացաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ դպրաց դասի խմբավար Տիար Կոմիտաս Քէշիշեան։
Հայրապետական պատգամէն առաջ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազանը խօսք առնելով՝ ողջունեց Վեհափառ Հայրապետը եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ մեր թեմի զաւակներուն շնորհք ըրած է Նորին Ս. Օծութեան գահակալութեան 20ամեակի տօնակատարութեան վայելքը ապրելու: Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ նախորդ երեկոյ, 20ամեակի պաշտօնական հանդիսութեան պահուն, Վեհափառ Հայրապետը շեշտած էր թէ նման տօնախմբութիւններ առիթ են վերանորոգելու նուիրեալ ծառայութեան մեր ուխտը, ապա աւելցուց՝ որ այս տօնը մեզի համար ալ առիթ է հաւատքով, յոյսով եւ սիրով վերանորոգելու ծառայութեան մեր ուխտը, Վեհափառ Հայրապետին օրինակով. այնուհետեւ, ողջունեց հոգեւոր եւ պաշտօնական հիւրերն ու ներկայացուցչական դէմքերը եւ ներկայ հաւատացեալները, որմէ ետք հրաւիրեց Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, որ արտասանէ իր ողջոյնի խօսքը:
Թեմի հոգեւոր դասուն եւ ժողովականութեան անունով, Յովնան Սրբազան ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին ներկայութիւնը եւ մատուցեց իր սէրն ու յարգանքը: Ան յիշատակներով վերադարձաւ այն օրերուն, երբ ուսանող էր Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ, ուր Վեհափառ Հայրապետը վերահսկիչ եւ ուսուցիչ եղած էր իրեն, եւ անձնական վկայութեամբ վեր առաւ Նորին Ս. Օծութեան ջանասիրութիւնն ու ծառայութիւնը: Ան հաստատեց, որ Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան անցեալ 20 տարիները արժեւորուած են ժողովրդանուէր ծառայութեամբ, եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ քաջառողջութիւն ու երկար կեանք պարգեւէ Վեհափառ Հայրապետին, որպէսզի ան շարունակէ մեր ժողովուրդը ոգեւորել իբրեւ «Հաւատքի Առաքեալ» ու անսասան պահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը:
Նորին Ս. Օծութիւնը հրաւիրելէ առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը խոր գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի տեսլապաշտ առաքելութեան մասին, անգամ մը եւս կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ անսան Հայաստանի, Արցախի եւ հայկական սփիւռքին միջեւ միասնութիւնը ամրապնդելու Վեհափառ Հայրապետի կոչին, ծառայութեանց մէջ առաջնորդուին հաւատքով, յոյսով եւ սիրով:
Վեհափառ Հայրապետը գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ առիթը ընծայած է ըլլալու մեր Թեմի ժողովուրդին հետ, ականատես ըլլալու եկեղեցւոյ ու մեր հաւատքին նկատմամբ հաւատացեալներու հաւատարմութեան: Ն.Ս. Օծութիւնը ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանները, նշելով որ անոնք Անթիլիասի Դպրեվանքէն սկսած են իրենց ծառայական կեանքն ու առաքելութիւնը, եւ ահա իբրեւ առաջնորդներ անձնուիրաբար կը գործեն։ Վեհափառ Հայրապետը իբրեւ բնաբան ընտրած էր Կորնթացիներուն ուղղուած Բ. Նամակին 13 գլուխի 5էն 13րդ համարները, ուր կ’ըսուի. «Քննեցէք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս Իր անունը կը կրէք»: Ան յիշեցուց, որ Ս. Պօղոս այս էական հարցումով դարեր առաջ դիմած էր կորնթացիներուն, իսկ այդ հարցումը այսօր այժմէական է եւ ուղղուած՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին: «Քրիստոնեայ ըլլալ, քրիստոնէական հաւատք ունենալ՝ կը նշանակէ հաւատալ միայն մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի, Զինք մշտական ներկայութիւն ունենալ մեր կեանքին մէջ, վերածել կեանքի նպատակի, վկայել Զինք», շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը եւ շարունակեց. «Մեր Տէրը մշտական ներկայութիւն եղած է մեր պատմութեան, մեր սրբազան հայրերու կեանքին մէջ: Անոր շնորհիւ մենք յաղթահարած ենք բազում փոթորիկներ, լուսաւորուած ենք ու զօրացած, Անոր ընդմէջէն՝ մահէն անցած ենք կեանքի: Մեր սրբազան հայրերը Քրիստոսը ունեցած են իբրեւ կեանքի առանցք, իբրեւ ուղեցոյց, ուժի ապաւէն եւ յոյսի աղբիւր: Անոնք իրենց արիւնով վկայագրեցին այս ուղին: Մենք պէտք է հետեւինք անոնց օրինակին: Հայաստանն ու Արցախը պաշարուած են թշնամիներով: Սփիւռքի մէջ, մենք շրջապատուած ենք այլ տեսակի թշնամիով մը: Հետեւաբար, Քրիստոսը պէտք է պահենք մեր կեանքի ճանապարհին մէջ, թէ՛ մեր անձնական եւ թէ հաւաքական կեանքին մէջ, վերանորոգուինք մեր հաւատքին մէջ ու միայն Քրիստոսի հետ քալենք, որովհետեւ այս է մեր վերապրումի եւ գոյատեւման բանալին»:
Ս. Պատարագի իր աւարտին հասաւ «Ի Վեհ Բարձանց» հայրապետական մաղթերգի երգեցողութեամբ։ Ապա, ներկայ հաւատացեալները մօտեցան Վեհափառ Հայրապետին եւ աջահամբոյրով ստացան անոր օրհնութիւնը: Իբրեւ յիշատակ այս պատմական օրէն, անոնք նաեւ նուէր ստացան օրհնուած ոսկեզօծ խաչեր: Այնուհետեւ, Վեհափառ Հայրապետն ու հոգեւորականաց թափօրը դուրս եկան եկեղեցիէն, ուր հաւատացեալներու ծափողջոյններուն տակ արձակուեցան սպիտակ աղաւնիներ։ Պատմական արարողութիւնը փակուեցաւ «Կիլիկիա» օրհներգի երգեցողութեամբ։ Ս. Պատարագն ու Շաբաթ երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետի 20-ամեակի տօնախմբութիւնը ուղիղ եթեր սփռուեցան (Pan Armenian) կայանէն։