Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Գաղութիս Ներկայացուցչական Պատուիրակութիւնները


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2016ին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց մեր գաղութի կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչները:

Վեհափառ Հայրապետը առաջին հանդիպումը ունեցաւ Հայ Իրաւաբաններու ընկերակցութեան պատուիրակութեան հետ, որ Նորին Ս. Օծութիւնը շնորհաւորեց 20-ամեակին առիթով, եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Հայրապետին անձնուրաց հոգեւոր պետի առաջնորդութեան համար: Հանդիպման կիզակէտը հանդիսացաւ Ս. Աթոռոյս կողմէ Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած դատը, որուն նպատակն է վերատիրանալ Սիսի պատմական կաթողիոսարանի կալուածներուն: Հայ իրաւաբանները պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրենց ծառայութիւնները ի սպաս դնելու այս դատին: Ներկայացուցիչները զեկուցեցին իրենց այն աշխատանքներուն մասին, որոնք յառաջ կը տարուին Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանութեան Հայկական Յանձնախումբին եւ Ցեղասպանութեան դիմաց հատուցում պահանջող յանձնախումբին հետ գործակցաբար: Հրաժեշտէն առաջ, անոնք հայկական թռչնագիրով պատրաստուած ներբողական մը նուիրեցին Վեհափառ Հայրապետին։ Ն. Ս. Օծութիւնը օրհնեց մեր ազգին մասնագիտական ծառայութիւն մատուցող այս ընկերակցութիւնը եւ ներկայացուցիչներուն յանձնեց խաչ-յուշանուէրներ:

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր Մարմինի (SARF) վարչութեան: Շնորհաւորանքի եւ բարեմաղթութեանց արտայայտութիւններէ ետք, ներկայացուցիչները Նորին Ս. Օծութեան հետ խորհրդակցեցան Սուրիոյ ողբերգական իրադարձութեանց ու հայ համայնքին վրայ անոր անդրադարձին շուրջ: Ինչպէս ծանօթ է, շաբաթ մը առաջ, Հալէպի հայկական կարգ մը շրջաններու ռմբակոծումը բազմաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ պատճառած էր: Քննարկուեցան Ս. Աթոռոյս կողմէ փոխանցուող օժանդակութիւնները, որոնց մասնակից է նաեւ մեր գաղութը՝ միացեալ մարմինին ճամբով: Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց SARF-ի վարչութիւնը, իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր Սուրիահայութեան ցուցաբերած զօրակցութեան ու օժանդակութեան համար։

Առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ընդունցած էր նաեւ այցելութիւնը Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան վարչութեան անդամներու, որոնք շնորհաւորեցին Վեհափառ Հայրապետը, երախտագիտութիւն յայտնեցին մանաւանդ այն հոգածութեան համար, որ Նորին Ս. Օծութիւնը ցուցաբերեց Քեսապի նկատմամբ, ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ անոր գրաւման հանգրուանին ու ազատարգրումէն ետք։

Հանդիպումներուն ներկայ եղան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Տեարք Խաժակ Տիքիճեան, Վահէ Եագուպեան եւ Ազգ. Վարչութեան անտենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան:

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հարցազրոյց մը շնորհեց պատկերասփիւռի ABC ընկերութեան թղթակիցին, որուն մէկ բաժինը սփռուեցաւ նոյն օրը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022