Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ Վեհափառ Հայրապետի այցելութեան կազմակերպիչ յանձնախումբի համա-ատենապետներ՝ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Տեարք Խաժակ Տիքիճեանի, Վահէ Եագուպեանի եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեանի հրաւէրով, Երեքշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յանձնախումբերու զեկուցական հանդիպում մը: Ներկայ էին 20-ամեակի յանձնախումբերու համա-ատենապետներ, Գահակալութեան 20-ամեակի Տօնախմբութեան, Հայրապետական Ս. Պատարագին, Մեծարանքի Ճաշկերոյթին, Յարաբերական, եւ երիտասարդութեան հետ հանդիպումի կազմակերպիչ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետներն ու անդամները։ Հանդիպման նպատակն էր շնորհաւորել անդամները իրենց նուիրեալ ու անսակարկ գործակցութեան համար եւ եւ ձեռնարկներու արժեւորումը կատարել։
Հաւաքը սկիզբ առաւ Տէրունական աղօթքով: Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին ու գնահատեց յանձնախումբերու անդամներն ու ատենապետները, իրենց անվերապահ նուիրումին համար՝ կատարեալ յաջողութեամբ պսակելու Նորին Սրբութեան Գահակալութեան 20-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները։
Գնահատանքի խօսքեր արտասանեցին նաեւ Տիար Վահէ Եագուպեանն ու Տիար Վահէ Յովակիմեանը։ Այնուհետեւ, առիթ տրուեցաւ յանձնախումբերու ատենապետներուն, ինչպէս նաեւ անդամներուն, արտայայտուելու տարուած աշխատանքներուն մասին, արժեւորելու իւրաքանչիւր ձեռնարկ ու կատարելու աշխատելաոճի նոր առաջարկներ:
Հանդիպման աւարտին ներկաները հոգեկան բաւարարութիւն եւ գոհունակութիւն արտայայտեցին Վեհափառի 20-ամեակի ձեռնարկները յաջողութեամբ իրագործուելուն ու պատմական այս առիթին իրենց մասնակցութեան համար։