Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արեւմտեան Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 27 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի «The Armenian Church» հատորի ողջունահանդէսը։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էին Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Հոգշ Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան ու հոգեւորականաց դասու անդամներ, ինչպէս նաեւ Թեմիս Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեանն ու փոխ ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան։
Ողջունահանդէսը բացուեցաւ Տէրունական Աղօթքով: Հանդիսավարը՝ Տիար Քրիստափոր Միքայէլեան, ողջունեց ներկաները, ապա, հակիրճ ակնարկով մը ներկայացուց Նորին Սրբութեան մտաւորականի յատկանիշներն ու բազմաբեղուն վաստակը։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Տիար Հրայր Ճերմակեան։
Հանդիսավարը ապա բեմ հրաւիրեց Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանը, որպէսզի կատարէ հատորին ներկայացումը։ Տէր Հայրը սահիկներու ցուցադրութեամբ սպառիչ ձեւով ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը, անոր էջերուն արծարծուած պատմական, եկեղեցագիտական, աստուածաբանական, ծիսագիտական եւ ազգային նիւթերը, վեր առնելով Նորին Սրբութեան մտասեւեռումները եւ հատորէն մէջբերելով դիպուկ հատուածներ։ Ան նշեց, որ հատորը կը բաղկանայ 10 գլուխներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պատգամ մը ունի ընթերցողին։ Տէր Հայրը բովանդակալից կերպով խօսեցաւ հատորի իւրաքանչիւր գլուխին մասին, որոնք կը ներկայացնեն Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը, տեղն ու դերը քրիստոնէական եկեղեցիներու ընտանիքին մէջ, աստուածաբանական իւրայատկութիւնները, գլխաւոր աւանդութիւնները, հաւատամքը, մշակութային աւանդներն ու հարստութիւնները, ընկերային ու դաստիարակչական մարզի մէջ ունեցած առաքելութիւնը, յարաբերութիւնները քրիստոնէական այլ եկեղեցիներու եւ յարանուանութիւններու հետ։ Ան իր ներկայացումը եզրափակեց Նորին Սրբութեան այն մտածումով, որ կը գտնուինք համաշխարհայնացած ընկերութեան մը մէջ եւ այժմ եկեղեցի ու ազգ ենք առանց սահմաններու, ուստի պէտք է զգոյշ ըլլանք եւ պահպանենք մեր ինքնութիւնը՝ հաղորդ ըլլալով ժամանակակից մարտահրաւէրներուն։
Երեկոն ունէր գեղարուեստական բաժին. երիտասարդ երաժիշտ Արին Սարգիսեան սրինգի վրայ ներկայացուց Կոմիտասի «Կռունկ»ը, Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանի աշակերտուհիներէն Նայիրի Արթունեան դաշնամուրի վրայ նուագեց Կոմիտասի «Երանկի»-ն եւ Աբրահամեանի «Prelude No. 16»-ը, իսկ Տիկին Նեկտար Չիլեան երգեց «Բարի Արագիլ»-ն ու «Ես իմ Անուշ Հայաստանի» երգերը, ապա, քանոնի վրայ ներկայացուց հայկական եղանակներ։
Ողջունահանդէսի փակման եւ օրհնութեան խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը Հայրը: Ան առաջին հերթին գնահատեց կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները, հատորը ներկայացնող Քահանայ Հայրն ու գեղարուեստական բաժինի մասնակիցները։
Խօսելով «The Armenian Church» հատորին մասին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, որ այս եզակի գիրքը պատրաստուած է այս դարու պահանջներուն իբրեւ արդիւնք, որպէսզի մեր Եկեղեցին նախ եւ առաջ ծանօթացուի մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ լուսարձակի տակ բերուին այսօրուան մարտահրաւէրները։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, որ այս փոքրիկ համայնագիտարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտած է բարենորոգման եւ Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան անհրաժեշտութիւնը, որ օր ըստ օրէ մեծ հրամայական կը դառնայ հայ եկեղեցւոյ ու ազգին համար։ «Մարտահրաւէրներն ու հիմնախնդիրները անխուսափելի են մերօրեայ կենցաղին մէջ, ուստի, այսպիսի հատորներ կը ծառայեն եւ պէտք է ծառայեն այդ նպատակին։ Հետեւաբար այս գիրքի հրատարակութիւնը եւ Վեհափառ Հայրապետին վերանորոգման եւ բարեկարգութեան պատգամը այժմէական է ու հրամայական», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը եզրափակեց յորդորելով հոգեւորականաց դասը, որ այս հատորը իրենց համար պէտք է ըլլայ առաքելութեան վերանորոգման հրաւէր, իսկ աշխարհական նուիրեալ ծառայողներուն համար՝ ծառայական կեանքի յանձնառութեան եւ ուխտի վերահաստատում, որպէսզի միասնաբար լծուինք հայ եկեղեցւոյ ու ազգի ծաղկման եւ բարգաւաճման գործին։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի հաւաքական երգեցողութեամբ: