Ա. Փինաճեանի Գեղանկարներու Ցուցահանդէս-Վաճաոք Ազգ. Առաջնորդարանի «Տ. եւ Զ. Տէր Ղազարեան» Սրահին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, եւ կազմակերպութեամբ «Stephanie՚s Art Gallery»ի, Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2017-ին երեկոյեան ժամը 7-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ամերիկահայ անուանի արուեստագէտ Արթիւր Փինաճեանի իւղանկարներու, ջրաներկ գործերու եւ գեղանկարներուն ցուցահանդէս-վաճառքի բացումը։ Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7-10, ինչպէս նաեւ, Ուրբաթ 13 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին ժամը 5-էն երեկոյեան 9։

Արթիւր Փինաճեան, ծնած է 1914-ին, Նիւ Եորք, հայկական Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ծնողներէ: Իր ասպարէզը սկսած է Նիւ Եորքի մէջ եւ ունեցած է յաջողութիւններ: Համաշխարհային Բ. պատերազմին ծառայած է ամերիկեան բանակին մէջ՝ Եւրոպական ցամաքամասի վրայ եւ արժանանացած է զանազան մետալներու: Պատերազմէն ետք նուիրուած է նկարչութեան, աշխատակցելով ամերիկեան մամուլին եւ հռչակ շահած է իբրեւ գծանկարիչ (Cartoons), ստեղծած է իւրայատուկ կերպարներ։ Միաժամանակ մղուած է գեղանկարչութեան, սակայն անոր տարիներու աշխատանքը՝ բազմաթիւ պաստառներ «ծածուկ» պահած է: Յիսուն տարիներու ընթացքին անոր արտադրած արուեստի գործերը մահէն ետք գտնուած են իր բնակարանին մէջ եւ արժանացած արուեստաբաններու ուշադրութեան։ Ան կը դասուի իր ժամանակաշրջանի լաւագոյն արուեստագէտներու շարքին:

Կը հրաւիրենք մեր արուեստասէր ժողովուրդը այցելելու եւ հաղորդակից դառնալու արուեստագէտի հոգեկան աշխարհին, նաեւ գեղանկարներէն գնելով՝ իրենց բնակարանները զարդարելու Փինաճեան արուեստագէտի գործերով։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022