Չորեքշաբթի, 12 Ապրիլի երեկոյեան, Հոլիվուտի «Chinese Theatre»ին մէջ տեղի ունեցաւ երկար ատենէ ի վեր սպասուած «Խոստումը» (The Promise) ժապաւէնին պաշտօնական առաջին ցուցադրութիւնը, ներկայութեամբ ժապաւէնին բեմադրիչին, արտադրիչներուն, դերակատարներուն, արտադրող անձնակազմին, ականաւոր անձերու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու։ Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ ցուցադրութեան, ընկերակցութեամբ Ազգային Վարչութեան անդամներէն Դոկտ. Գալուստ Յակոբեանի։
Ժապաւէնին ցուցադրութենէն առաջ, խօսք առին արտադրողներէն Տոքթ. Էրիք Իսրայէլեան եւ բեմադրիչ Թերի Ճորճ, որոնք ներկայացուցին ժապաւէնին իրականացման մասնակիցները եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին անոնց։
Այս առիթով առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս կոչ կ’ընէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ իրենց ընտանեկան պարագաներով, հայ թէ օտար բարեկամներով խուռներամ ներկայ ըլլան այս ժապաւէնին ցուցադրութեան, որ պիտի սկսի 21 Ապրիլին։ Շարժապատկերը Օսմանեան պետութեան կողմէ գործադրուած հայոց Ցեղասպանութիւնը պատկերող արտայայտիչ ու ազդու քարոզչութիւն է։