Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Հայկական Ճաշերու Փառատօն»ը

Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, 19 Մայիս 2018-ին, տեղի ունեցաւ տարեկան «Հայկական Ճաշերու Փառատօն»ը, որ հայկականութեան մթնոլորտ մը ստեղծեց տաճարի շրջափակին մէջ. ներկաները վայելեցին հայկական ճաշեր, երաժշտութիւն եւ մշակութային արտայայտութիւններ։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին, այցելեց կրպակները, գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը եւ ուղղեց իր պատգամը։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Մայր Տաճարի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, հոգաբարձութեան ու կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներ։

Խանդաւառ մթնոլորտ մը կը տիրեր ներկայութեամբ բազմահարիւր հայ եւ օտար մասնակիցներու։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022