Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի Յոբելենական Ձեռնարկները Եզրափակուեցան Իւրայատուկ Համերգով

Կիրակի, 23 Հոկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, ներկայութեամբ Հոգեւոր հայրերու, Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչներու եւ արուեստասէր ժողովուրդի, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ ծխական համայնքի հիմնադրման հարիւրամեակին նուիրուած յոբելենական եզակի համերգ, որուն ընթացքին հնչեցին հոգեւոր, ազգային, ժողովրդային, կոմիտասեան երգեր, զուգերգներ, խմբերգներ եւ «Անոյշ» օփերայէն հատուածներ, կատարողութեամբ եկեղեցւոյ Դպրաց դասի մեներգչուհիներ Լինէթ, Ելենա եւ Էթնա Գարամեան քոյրերու, ծրագրի գործադիր ղեկավար վաստակաւոր թենոր Պերճ Քիրազեանի, երգչուհիներ Ռոզի-Անոյշ Սվազլեանի, Անայիս Հեղոյեան-Թոմասի, Գալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ խմբավար Միքայէլ Աւետիսեանի, ընկերակցութեամբ տուտուկահար Էմանուէլ Յովհաննիսեանի, դաշնակահարուհիներ Հռիփսիմէ Ռշտունիի եւ Գոհար Թորանեանի՝ Ս. տաճարին մէջ ստեղծելով ազգի ու հայրենիքի անցեալն ու ներկան ապագային կամրջող բարձրորակ արուեստի խորհրդաւոր, տօնական եւ յոյժ խրախուսիչ մթնոլորտ:

Բացման խօսքը կատարեց Ս. Խաչ Մայր տաճարի Հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ անդրադարձաւ 100-ամեակի ձեռնարկներուն, ներկայ համերգի պատրաստութեան աշխատանքներուն եւ Հայ Եկեղեցւոյ ու ազգի մշակութային դարաւոր արժէքներուն:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ հեղ մը եւս գնահատեց եկեղեցւոյ ծխական համայնքի հարիրամեակին նուիրուած համերգը՝ «Նոր ուժով կը հոսի այսօր հայու հաւատքը՝ Ս. Խաչ Մայր տաճարէն, նոր ցոլքով կը ճառագայթէ այսօր հայու ինքնութիւնը՝ Ս. Խաչ Մայր տաճարէն, տարբեր ուժով կը բխի այսօր Հայաստանը՝ Ս. Խաչ Մայր տաճարէն» արտայայտութեամբ, ապա հաւատալով շեշտեց, որ 100-ամեայ յոբելենական տարեդարձը նոր հորիզոններ կը բանայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն առջեւ, եկեղեցին կ՛աճի ու կը շատնայ ազգի կեանքէն ներս ո՛չ իբրեւ քարեղէն կառոյց, այլ հոգեւոր, բարոյական ու մշակութային ամբողջական եւ կարեւոր ներկայութիւն:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանի հրաւէրով, Կրօնական ժողովի փոխ ատենապետ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի՝ Ս. Խաչ ծխական համայնքի 100-ամեակին յղուած Հայրապետական կոնդակը, որուն ընթերցումով իր պսակումին հասաւ յոբելենական ձեռնարկներու ընթացքը: Համերգը փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի համախումբ երգեցողութեամբ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022