Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ 55-Ամեակի Ճաշկերոյթ

Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ծխական ընտանիքը Ուրբաթ, 9 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, պաշտօնական ճաշկերոյթով մը տօնախմբեց եկեղեցւոյ օծման 55-րդ տարեդարձը, որ առիթ եղաւ պատուելու ծխական համայնքին նուիրեալ ծառայողներ, միաժամանակ՝ նոր իրագործումներու գործնական մեկնակէտ մը։

Տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ «Եունիվըրսըլ Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ նախագահութեամբ Տէր եւ Տիկին Ծերոն եւ Սօնա Թիթիզեան ամոլին։ Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Ազգային Վարչութեան անդամներ Տեարք Ալեք Պաղտասարեան եւ Արա Շապանեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէի, «Ռոստոմ» եւ «Ա. Շիրակեան» կոմիտէներու, Սան Ֆերնանտօ հովիտի հայկական միութեանց ու կազմակերպութեանց, Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի ու «Մարի Գապայեան» նախակրթարանի ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ։

Յայտագիրը սկսաւ քայլերգներու երգեցողութեամբ, կատարողութեամբ Բարշ. Թուխման Սրկ. Խաչատուրեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասի խմբավար Պրն.
buy zofran generic https://mexicanpharmacyonlinerx.net/zofran.html over the counter

Կոմիտաս Քէշիշեանի: Հանդիսավարներն էին Օր. Թինա Պէտիրեան եւ Տիար Կրէկ Մարթայեան, որոնք վեր առին եկեղեցւոյ 55 տարիներու ծառայական ընթացքը, իբրեւ հիմ՝ հոգեւորականներու, հոգաբարձական յաջորդական կազմերու եւ բազմաթիւ նուիրեալ ծառայողներու՝ եկեղեցին կանգուն պահելու եւ յարաճուն վերելք արձանագրելու գործին մէջ։

Սեղաններու օրհնութեան համար բեմ հրաւիրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանը, որ Թորգոմ Սրբազանին եւ Տ. Ռազմիկին հետ միասնաբար կատարեց օրհնութիւնը:

Տ. Ռազմիկ Քահանայ արտասանեց ողջոյնի խօսք։ Հոգաբարձութեան անունով խօսք առաւ ատենապետը՝ Տիար Յովիկ Պետեւեան, ապա, իր պատգամը ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Ողջունելով ներկաները, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ այս երեկոն յիշատակելի եւ պատմական երեկոյ է ներկաներէն շատերու համար, որոնք տասնամեակներ շարունակ գործած են եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ, բաժին ունեցած են եկեղեցւոյ պայծառութեան մէջ։ Ան նշեց, որ այս ծառայութիւնները բաշխուած են նաեւ եկեղեցւոյ կողքին կանգնող ազգային «Ֆերահեան» երկրորդական վարժարանին, «Մարի Գապայեան» նախակրթարանին եւ «Աշխէն Փիլաւճեան» մանկամսուրին։ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրին ներքեւ վայելած ենք գործակցութիւնը եւ ծառայական կեանքը մեր ազգային կազմակերպութիւններուն, յատկապէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Հետեւաբար, բոլորով մէկ, այսօր տօնական մթնոլորտի մէջ կ՚ըսենք մեր եկեղեցւոյ՝ բարի տարեդարձ։

Առաջնորդ Սրբազանը շարունակեց. «Յաճախ ըսած եմ, որ տարեդարձները մեզի համար առիթներ են մեր յիշողութեան պաստառին վրայ տեսնելու անցեալի իրագործումները, ներկայի ծառայական կեանքին մղում տալու եւ ապագայի համար վերանորոգուելու ու ծառայական կեանքին մէջ զիրար գերազանցելու խոստումով։ Որքան ալ բարգաւաճինք մեր կեանքին մէջ, այնքան աւելի պէտք է նուիրուինք մեր եկեղեցւոյ, մեր դպրոցներուն եւ մեր ազգային կազմակերպութեանց»։ Ան օրհնութեան խօսք ուղղեց ձեռնարկի նախագահին՝ Տէր եւ Տիկին Ծերոն եւ Սօնա Թիթիզեան ամոլին, իրենց առատաձեռն նուիրատուութեան համար, նաեւ գնահատանք արձանագրեց բարերարներուն, բոլոր նուիրեալներուն, մոմավառներուն, որոնք իրականութեան վերածեցին այս երեկոյի յաջողութիւնը: Ան գնահատանք արձանագրեց մասնաւորաբար եկեղեցւոյ հոգաբարձութեանց անցեալի ատենապետներուն, որոնք պատիւի կ’արժանանան այս ձեռնարկին առիթով ու քիչ ետք պիտի ստանան յուշանուէրներ։

Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ «անցեալ Կիրակի, մենք Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ 55-ամեակի ուխտի պատարագը մատուցինք, յիշեցինք, որ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին բոլոր ժամանակներու սուրբերու, նահատակներու, ներառեալ 2015-ի ցեղասպանութեան սրբացեալ նահատակներու յիշատակին ձօնուած եկեղեցի մը հանդիսացաւ, այս եկեղեցւոյ հիմնադրութիւնը ծառայութիւն եւ բարգաւաճ գործունէութիւն եղաւ: Ժամանակները փոխուած են, սակայն այս տարեդարձները պահեր են, որպէսզի մենք նոր օրերու արժէքները կշռենք եւ չափենք մեր անցեալի նուիրեալներու արժէքներով եւ արժեչափերով եւ եթէ անհրաժեշտ նկատենք, անոնց մակարդակը բարձրացնենք»: Ան մաղթեց, որ «այս եսակեդրոն աշխարհին մէջ, մեր հաւաքական զօրութեամբ եկեղեցւոյ եւ ազգին համար մեր լաւագոյնը տանք»: Ան յիշեցուց, որ մեր վեհափառ Հայրապետները միշտ շեշտած են եկեղեցի եւ վարժարան շինելու կարեւորութիւնը, սակայն նաեւ ընդգծած են, որ նոյնքան եւ աւելի անհրաժեշտ է եկեղեցին կանգուն պահելն ու պայծառ ծառայութեան առաջնորդելը: Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանք արձանագրեց հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան ու բոլոր ծառայողներուն, մաղթելով, որ 55-ամեայ ծառայութիւնը շարունակուի վերանորոգ կենսունակութեամբ ու եկեղեցին ու ծխական համայնքը հասնին նոր բարձունքներու։

Ապա բեմ հրաւիրուեցան ձեռնարկին նախագահ Տէր եւ Տիկին Ծերոն եւ Սօնա Թիթիզեան, որոնք Հովիւէն ու հոգաբարձութենէն իբրեւ յուշանուէր ստացան գեղատիպ Նարեկ աղօթամատեանի հատորը։

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հոգաբարձութեանց ատենապետներուն գնահատումն ու յուշանուէրներու յանձնումը։ Տէր Հայրը կարդաց անցեալ 55 տարիներուն ծառայած ատենապետներուն անունները, որոնցմէ ոմանք առ յաւէտ բաժնուած են մեզմէ, եւ հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս յարգելու անոնց յիշատակը: Ներկայ ատենապետները արժանացան յուշանուէրներու։ Յետ մահու ճանաչում տրուեցաւ հիմնադիր հոգաբարձական կազմի առաջին ատենապետ Ֆլորինտօ Արգլինի եւ Լեւոն Գապագլեանի:

Տիար Կրէկ Մարթայեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Քորէթցին անունով, շնորհաւորական գիր մը փոխանցեց ատենապետներուն:

Տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն։ Բեմ հրաւիրուեցան 55-ամեակի յանձնախումբի անդամները եւ միասնաբար կտրեցին 55-ամեակի կարկանդակը:

Երեկոն շարունակուեցաւ խրախճանական մթնոլորտի մէջ։ Հոգաբարձութեան նախկին ատենապետներէն Տիար Ժոզէֆ Սիմոնեան եւ տիկինը Նորան ստանձնեցին յառաջիկայ տարուան՝ 56-ամեակի տօնախմբութեան նախագահութիւնը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022