Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Օծման 51-րդ Տարեդարձին Առթիւ Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք


Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր 2014-ը Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ծխական համայնքին համար եղաւ ուրախութեան ու յիշատակելի օր մը։

Արդարեւ, այդ օր եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագով նշուեցաւ եկեղեցւոյ օծման 51-րդ տարեդարձը։ Պատարագեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձրշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան։ Ս. խորանին սպասարկեցին շրջանիս հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան եւ եկեղեցւոյ սարկաւագները։ Ներկայ էր Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, Ազգային Երեսփոխաններ եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, Ֆերահեան վարժարանի 8-րդ կարգի եւ եկեղեցւոյս կիրակնօրեայի աշակերտները։

Հաւատացեալներ խուռներամ շտապած էին եկեղեցի, մասնակցելու հոգեպարար արարողութեան եւ լիցքաւորուելու օրուան խորհուրդով։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ եկեղեցւոյս սարկաւագաց ու դպրաց դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ խմբավար Պրն. Կոմիտաս Քէշիշեանի, իսկ Պօղոս Առաքեալի թուղթն ու զղջումը կարդացին կիրակնօրեայի աշակերտներ Ժանի Յարութիւնեան եւ Վարանդ Չալըքեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ բոլորս արժանի դարձուց Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 51-րդ տարեդարձին նուիրուած Ս. եւ Անմահ Պատարագին եւ պատգամեց.-

“Այսօր, այս պահուն, մենք մասնակից ենք Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ օծման 51-րդ տարեդարձին նուիրուած Ս. Պատարագին. գեղեցիկ զուգադիպութեամբ այսօր տօնն է Գիւտ Խաչի։ Անցեալ տարի պատշաճ հանդիսութեամբ նշեցինք եկեղեցւոյ 50-ամեակը: Հովիւ, Հոգաբարձութիւն, Տիկնանց Միութիւն եւ նուիրեալներ կազմակերպած էին բացառիկ հադիսութիւն. մենք ունեցանք նաեւ եկեղեցւոյ օծման 50-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր Ս. Պատարագ եւ ահա այս տարի կը թեւակոխենք մեր ծառայական կեանքի 2-րդ յիսնամեակը, մեր նայուածքները սեւեռելով դէպի 75-ամեակ եւ 100-ամեակ”։

“Եկեղեցին Աստուծոյ հաւատացողներուն տունն է, եկեղեցին քար եւ շէնք կը մնայ, եթէ երբեք Աստուծոյ փառքին համար, եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ ազգի շինութեան համար մեր ծառայութիւնը չենք կեդրոնացներ։ Մեր հոգիներու ծննդավայրը մեր հաւատքի ճանապարհի լուսաւորութեան խորանն է, ուրկէ կը ճառագայթեն հաւատքը, յոյսը եւ սէրը, որոնք մեր առաքելութեան եւ ծառայութեան ճամբով գործնապէս արտայայտելով՝ մենք Աստուծոյ փառքը կը հիւսենք եւ մեր հոգեւոր ու ազգային փրկութիւնը ներդաշնակօրէն կ’ընթանայ։ Հետեւաբար, ինչպէս անցեալ տարիներուն, այսօր ալ պատարագի աւարտին պիտի աղօթենք հոգիներուն համար բոլոր այն նուիրեալներուն, որոնք ծառայեցին, գործեցին ու անցան եւ պիտի ըսենք՝ “երանի եկեղեցի շինողաց, երախտաւորաց, պտղատուից, սպասաւորաց եւ այնոցիկ, որք ընդ հովանեաւ սրբոյ եկեղեցւոյս են հանգուցեալ”, երանի տալով եւ աղօթք բարձրացնելով անոնց համար, որոնք իրենց արդար վաստակէն առատօրէն տուին Աստուծոյ տան կառուցման, մեր ժողովուրդի ծառայութեան դաշտին, որոնք իբրեւ երախտաւորներու, իրենց շնորհքէն՝ հոգեկան, բարոյական եւ նիւթական, ազատօրէն եւ արդարօրէն բաշխեցին եւ եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ այսօր հանգուցեալ են։ Հետեւաբար մենք այս հաւատքով եւ այս ուխտով է որ մասնակից կը դառնանք այս Ս. Պատարագին”։

Սրբազան Հայրը նշեց, թէ տարուան ընթացքին 4 տօներ կան նուիրուած Խաչին, որոնց վերջինը Գիւտ Խաչի Տօնն է։ Ան իր պատգամը սկսաւ “Այսօր, անթաքչելին, չծածկուելիք գանձը Հեղինէ թագուհիին փափաքով իբրեւ “կենաց փայտ” գտնուեցաւ” բնաբանով, եւ նշեց, որ “այնուհետեւ մահուան գործիքը դարձաւ փրկութեան նշան բոլոր անոնց համար, որոնք հաւատացին անոր եւ իբրեւ փրկութեան ու Աստուծոյ զօրութեան նշան ընդունեցին զայն”։ Օրուան առաքելական հատուածէն մէջբերելով, ան նշեց, որ “ինչպէս անցեալին, շատերու համար խաչի մասին խօսիլը յիմարութիւն կը թուի, սակայն մեզի՝ հաւատացեալներուս համար, անիկա Աստուծոյ զօրութիւնն է: Այսօր, մարդիկ կը ճգնին ի խնդիր ընկերային որոշ մակարդակ նուաճելու եւ հանգիստ կեանք ունենալու համար: Անոնք տարուած են մտահոգութիւններով ու վախով, հանգստութիւն կը փնտռեն երկրաւոր բաներու մէջ, մինչդեռ պէտք է մեր անդորրութիւնը փնտռենք յաւիտենական արքայութեան մէջ, որովհետեւ մեր կեանքերը կը հարստանան, երբ մեր հոգիները կը հարստացնենք”: Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց իրենց զաւակներուն կարիքներուն հասնելու ծնողներուն հոգածութիւնը, սակայն նաեւ զանոնք յորդորեց, որպէսզի նոյնքան ճիգ թափեն անոնց հոգեկան կարիքներուն համար:

“Եկէք, այսօր վերանորոգուինք խաչին պատգամով, որ փրկութեան ուղին է. ձերբազատուինք մեր տագնապներէն, մեր ամբողջական հաւատքն ու վստահութիւնը կապենք խաչին: Վերանորոգենք մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքները, մեր մանուկները առաջնորդենք ըլլալու լաւ քրիստոնեաներ ու հայեր, որպէսզի վաղը անոնք դառնան կարող ղեկավարներ”, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ կոչ ուղղեց իւրաքանչիւրին, որ տէր կանգնի իր պատասխանատուութեանց, ըլլայ մեր եկեղեցւոյ ու ազգի հաւատարիմ զաւակը:

Քարոզի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով հիմը դրին այս եկեղեցւոյ, աղօթք բարձրացուց եկեղեցւոյս այսօրուան սպասարկուներուն համար, որպէսզի Աստուած առաջնորդէ անոնց քայլերը, զիրենք փրկէ երեւելի ու աներեւոյթ փորձութիւններէ, եւ ծառայական ուխտի մէջ զանոնք պահէ անխախտ։

Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հոգիներուն համար բոլոր անոնց, որոնք եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս գործեցին ու անցան եւ այժմ կը ննջեն երանութեան մէջ։

Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ եւ շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ. “Մասիս” մասնաճիւղի սկաուտներու հսկողութեամբ, եկեղեցական թափօրը առաջնորդուեցաւ “Աւետիսեան” սրահ, ուր եկեղեցւոյս Տիկնանց Միութեան կողմէ պատրաստուած էր մատաղը՝ ժողովուրդին կողմէ կատարուած նուիրատուութիւններով, բայց յատկապէս Շահինեան քոյրերուն, Քէյվանեան, Գարամեան եւ Նազարբէկեան ընտանիքներուն, որոնք նուիրաբերած էին իրենց հին եւ նոր ննջեցեալներու յիշատակին։

Երկիւղած մթնոլորտի մը մէջ կատարուեցաւ մատաղօրհնէքի արարողութիւնը։ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Տիկնանց Միութեան եւ Հոգաբարձութեան անդամներուն մատուցած ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ մատաղին իրենց նիւթական օժանդակութիւնը բերող բոլոր հաւատացեալները։

“Պահպանիչով”, “Կիլիկիա” մաղթերգով եւ “Մեր Հայրենիք” քայլերգով վերջ գտաւ հոգեպարար արարողութիւնը, որմէ ետք հաւատացեալները կարգով մօտեցան եւ վերցուցին մատաղի իրենց բաժինը եւ հոգենորոգ ուրախութեամբ վերադարձան իրենց տուները։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022