Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Դպրաց Ձեռնադրութիւն Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ 113րդ Տարեդարձին Առթիւ

 

Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Մայր եկեղեցին 18 եւ 19 Յունուարին, եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով, դպրաց ձեռնադրութեամբ եւ ճաշկերոյթի ձեռնարկով նշեց իր հիմնադրութեան 113րդ տարեդարձը։

Կիրակի, 19 Յունուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց եկեղեցւոյ մէջ եւ կատարեց դպիրներու ձեռնադրութիւն: Դպրաց դասի ութ նուիրեալներ՝ Րաֆֆի Աբգարեան, Ժանօ Գամչէեան, Նարեկ Աբգարեան, Արմէն Աբգարեան, Վահէ Օհանեան, Յովիկ Օհանեան, Զարեհ Աբգարեան եւ Արէն Սանիքեան, ծնրադիր, Առաջնորդ Սրբազանին ձեռամբ ձեռնադրուեցան դպիր։ Նշենք, որ դպիր մը կ՚ունենայ չորս աստիճաններ կամ կարգեր։ Առաջնորդ Սրբազանը նախ կտրեց անոնց մազերէն թելեր, ապա շնորհեց Դռնապանութեան  կարգը, բանալիի խորհրդանշութեամբ, որուն շնորհիւ անոնք «Պատրաստ ըլլան եկողներուն առջեւ միշտ բանալու եկեղեցին». երկրորդ կարգը, Ընթերցողութիւն, առաքելական գիրքերու խորհրդանշութեամբ, «որպէսզի տեղեկանան Աստուծոյ խօսքին եւ պատմեն զայն». երրորդ պաշտօնը խորհրդանշող կարգը, Երդմնեցուցչութիւն, Մաշտոցի մը միջոցաւ, ուր թելադրանք կ՚ըլլայ հետեւեալ ձեւով, «Առէք եւ հոս գրուած հրաժարիմքը գոց սորվեցէք… հիւանդներուն համար աղօթելու եւ մկրտութեան եկողները հրաժարեցնելու». ի վերջոյ չորրորդը, Ջահընկալութիւն, մոմի աշտանակի մը խորհրդանշութեամբ, որով ծառաներուն «Իշխանութիւն կը տրուի սուրբ եկեղեցւոյ ջահերն ու կանթեղները վառելու»։ Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գինիի դատարկ բաժակամանը անոնց տալով ըսաւ. «Առէք այս բաժակամանը, պատարագի գինին ասոր մէջ լեցնելու համար…»:

 Ձեռնադրութեան արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը տուաւ իր պատգամը։ Ան շնորհաւորեց եւ բարձր գնահատեց երիտասարդ նուիրեալները, որ կու գայ երաշխաւորելու այս գաղութին գոյատեւումն ու հաւատքի պահպանումը: Անիկա մեր ազգին եւ եկեղեցւոյ պատմութեան յաղթական շարունակութիւնն է, որուն համար դարերէ ի վեր կը պայքարինք: Ապա՝ խօսեցաւ Կանայի հարսանիքին Յիսուսի գործած գինիի հրաշքին մասին եւ անոր պատգամը այսպէս ամփոփեց. «Այս կեանքին մէջ անել վիճակներու առջեւ կրնանք գտնուիլ, քանզի մեր ամէն փափաքներն ու երազները չեն կրնար իրականանալ, ուստի միշտ պատրաստ պէտք է ըլլանք անակնկալներու առջեւ։ Երբ Յիսուս որեւէ բան կ’ընէր, զայն լաւագոյնս կ’ընէր, իսկ Աստուած իր սէրը արտայայտելու համար մարդկութեան հանդէպ, իր լաւագոյնը եւ թանկագինը տուաւ, իր միածին որդին՝ Յիսուս Քրիստոս: Հետեւաբար, պարտինք իրենց նման ըլլալ` միշտ տրամադրելու մեր լաւագոյնը: Ֆիզիքական այս աշխարհի հրաշքներով, Յիսուս ուզեց փաստել հոգեկան իրականութիւններ։ Ամուր պահեցէք ձեր հաւատքը, եթէ դուք հաւատաք Իրեն եւ խնդրէք Իրմէ` Ան պիտի տայ ձեզի. Ան կարողութիւնը ունի մեզի ուրիշ արարածներու վերածելու. Ան ամենակարող է, բայց անկարող է իր զաւակները թողելու»:

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

Տարեկան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 18 Յունուարին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր:

Հանդիսավար Շանթ Եմէնճեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ պատմութեան այլեւայլ հանգրուաններուն, վեր առնելով ճարտարապետ Պօղոս-Լորընս Քոնտրաճեանի յղացումը եւ յիշեցնելով, որ ան հաւատարիմ մնացած է հայկական ճարտարապետական աւանդական ոճին, կանգնեցնելով եկեղեցի մը, որ իր յղացքով առաջինն է Ամերիկայի մէջ. ան նաեւ յիշեցուց, որ եկեղեցին արժանաւորապէս գրանցուած է Ամերիկայի Պատմական վայրերու ցանկին վրայ:

Ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգները, կատարողութեամբ Անժէլ Օհաննէսեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ` Նայիրա Շահսուվարեանի. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեանի աղօթքէն ետք, հասաւ ընթրիքը ըմբոշխնելու ժամը:

Հանդիսավարը վեր առաւ իրերայաջորդ հոգաբարձութեանց նպաստը եկեղեցւոյ շինարարական, ընդլայնումի եւ պահպանումի գործընթացքին մէջ, ինչպէս նաեւ նիւթական անսպառ աջակցութեան:

Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Վարուժան Տէր Սիմոնեան նշեց թէ բազմաթիւ նուիրեալ ընտանիքներ պատասխանատուութեամբ եւ յանձնառութեամբ հանդիսացած են այս եկեղեցւոյ ուժն ու ոգին, որոնց շարքին էր հոգաբարձութեան  գործունեայ անդամներէն վաղամեռիկ Ճէֆ Դանիէլեան, որ մեծարուեցաւ յետ մահու գնահատագիրով մը, զոր ստանձնեց իր զաւակը: Պարգեւատրուեցան նաեւ գաղութիս ծառայասէր անդամներէն հետեւեալները, որոնք կը գործենլռութեամբ եւ քուլիսներու ետին.  Սթիւ Պէտոյեան, իր երկարամեայ անսակարկ ծառայութեան համար, ի խնդիր Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ բարօրութեան, եւ Ռոզմէրի Մինասեան, որ հակառակ իր տարիներու վաստակին, եղած է եւ տակաւին կը մնայ անխոնջ եւ ծառայասէր նուիրեալ: Գնահատանքի արժանացաւ նաեւ Մինաս Արիսեան, երիտասարդաց խումբին մէջ իր ծառայութեան համար:

Տիկնանց Օժանդակ Մարմնի անունով, Մէրի Էքմալեան կատարեց $60.000 նուիրատուութիւնը` եկեղեցւոյ, եւ Ռիչըրտ Պէտոյեան, իր կարգին, Արանց Օժանդակ Մարմինին անունով փոխանցեց տարեկան $100.000 նիւթական նպաստը, զորս անցնող տարուան ընթացքին ժրաջան ծառայութեամբ կարողացած էին գոյացնել՝ օժանդակելու համար եկեղեցւոյ:

Յատուկ գնահատանքի արժանացաւ Տիար Մհէր Շըխըրտմեան, սարկաւագ ձեռնադրութեան յոբելեանին առթիւ, եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ յարատեւ ծառայութեան համար:

Ատենապետը Հոգաբարձութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս ու բարոյապէս կ՚աջակցին եկեղեցանուէր աշխատանքներուն, եւ կոչ ուղղեց բոլորին` Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ հաւատքի եւ բարի սովորութեանց դեսպաններու վերածուելու:

Ազգային Վարչութեան  Ներկայացուցիչ Տիար Ուիլիամ Սահաթճեան, իր հակիրճ խօսքով, բարեմաղթութիւններ փոխանցեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծառայողներուն եւ նուիրեալներուն` անխտիր: Տէր Հայրը եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ներկաներուն եւ աջակցողներուն, յանձնարարելով ներկաներուն աւելի յաճախ ներկայ գտնուելու եկեղեցական արարողութեանց եւ աւելի եւս զօրացնելու իրենց կապը եկեղեցւոյ հետ եւ ամրապնդելու իրենց հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, շեշտեց, որ եկեղեցւոյ նորոգութիւններուն եւ աջակցութիւններուն առընթեր, պէտք է  վերանորոգել նաեւ մեր հաւատքն ու նուիրումը. ան շնորհաւորեց եկեղեցւոյ 113րդ տարեդարձը եւ յիշեցուց, որ եկեղեցին մեր ինքնութեան երաշխաւորը հանդիսացող հաստատութիւն է: Ան նաեւ յիշեցուց, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2014 տարին հռչակած է Հայ Տարեցներու տարի, եւ թէ՝ տարեցներն են, որ մեզի կը սորվեցնեն մեր անցեալը, անոնց կը պարտինք սէր եւ ամենայն յարգանք, խոնարհելու ենք անոնց մատուցած ծառայութեան առջեւ: Ինչպէս մենք ժառանգած ենք մեր հաւատքը մեր տարեցներէն, նոյնպէս պարտաւոր ենք զայն փոխանցելու  գալիք սերունդներուն, ըսաւ Սրբազանը, բարի առաքելութիւն մաղթելով եւ իր օրհնաբեր շնորհաւորութիւնները բաշխելով բոլորին։

Գեղարուստական յայտագիրով, եկեղեցւոյ երգեհոնահարուհի Նայիրա Շահսուվարեանի աշակերտ 15ամեայ խոստմնալից պատանի Մարք Վիեկաս, դաշնամուրի վրայ նուագեց Շօփէնի եւ Ռախմանինովի յայտնի յօրինումներէն։

«Կիլիկիա»-ով իր աւարտին հասաւ օրուան հանդիսութիւնը:

                                                                                                                    Վահէ Քեշիշեան

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022