Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ 115-ամեակի Տօնակատարութիւն – Մեծարանք Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեանի


Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցին Կիրակի, 1 Նոյեմբեր 2015ին, եպիսկոպոսական պատարագով ու պաշտօնական ճաշկերոյթով մը տօնեց իր հիմնադրութեան 115րդ տարեդարձը:

Պատարագիչն էր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ այս առիթով Ֆրեզնօ մեկնեցաւ, պատմական այս հանգրուանը նշելու համար ծխական համայնքի զաւակներուն հետ: Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագի ընթացքին պատգամ մը ուղղեց հաւատացեալներուն, ապա, ներկայ եղաւ հոգաբարձութեան կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթին, որուն ընթացքին, պատիւի արժանացաւ ծխական համայնքի բազմամեայ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեան:

Իր պատգամին սկզբնաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց եկեղեցւոյ հովիւը, հոգաբարձութիւնն ու բոլոր ծառայողները, որոնք այս եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն ու նախկին ծառայողներուն ուղին կը պահեն անշեղ, ու մաղթեց, որ եկեղեցւոյ պայծառացման առաքելութիւնը շարունակուի վերանորոգ թափով:

Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ եկեղեցւոյ 115ամեակը կը զուգադիպի պատմական տարուան մը, երբ համայն հայութիւնը կը նշէ Ցեղասպանպութեան 100ամեակը, որուն նուիրուած էին Անթիլիասի եւ Ս. Էջմիածնայ մէջ տեղի ունեցած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնները, իսկ Ապրիլին, մեր եկեղեցին սրբադասեց մեր բիւրաւոր նահատակները: Տակաւին, մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, օր մը առաջ նշուեցաւ Ամենայն Սրբոց տօնը, որ նուիրուած է հին ու նոր, յայտնի եւ անյայտ սուրբերուն: Այս տօնը այս տարի յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ մեր 1.5 միլիոն նահատակները եւս դասուած են մեր եկեղեցւոյ սուրբերուն կարգին:

Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ օրուան աւետարանական հատուածը գեղեցիկ կերպով կ’առնչուի սուրբերու յիշատակումին, որովհետեւ անիկա կը վերաբերի Ճրագի օրինակին, այսինքն Աստուծոյ խօսքին միջոցով հաւատացեալներու կեանքին լուսաւորման, իսկ մենք, իբրեւ Տիրոջ զաւակները, պարտականութիւնը ունինք տարածելու այդ լոյսը: Մեր սրբազան հայրերն ալ ստացան Տիրոջ խօսքը, զայն վերակենսաւորեցին իրենց կեանքին մէջ եւ իբրեւ լոյս տարածեցին մեր ժողովուրդին: Ան յորդորեց հաւատացեալները Լոյսին տարածիչները ըլլալու եւ զայն փոխանցելու նոր սերունդներուն:

Շարունակելով իր պատգամը, Առաջնորդ Սրբազանը յիշատակեց նաեւ Բարի սերմնացանին առակը, որ ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ խօսքը տարբեր ընկալումներ ունի մարդոց կողմէ: Ոմանք կը լսեն ու կը մոռնան, ուրիշներ աւելի լաւ կ’ընկալեն, սակայն չեն կրնան իրենց կեանքին մէջ մարմնաւորել այդ պատգամները, իսկ ուրիշ խումբ մը նման է պարարտ հողի, որ լիովին կ’ընդունի այդ պատգամները եւ կ’արդիւնաւորէ զանոնք: Ան շեշտեց, որ մեր սուրբերը նման էին պարարտ հողին, եւ իրենց հոգիին ու կեանքին մէջ լիարժէքօրէն մարմնաւորեցին Տիրոջ սերմերը եւ եղան մեր ազգի կեանքին մէջ այդ սերմերուն հասունացման նպաստողները: Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեց հաւատացեալները, հետեւելու անոնց օրինակին, եւ իր պատգամը աւարտեց՝ օրհնելով յիշատակը եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն, որոնք ծառայեցին հաւատքով, հետեւեցան մեր սուրբերու օրինակին, մաղթելով, որ այսօրուան ծառայողները եւս կենսունակութեամբ շարունակեն մեր եկեղեցւոյ պայծառացման գործը:

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ

Ս. Պատարագէն ետք, հաւատացեալները համախմբուեցան եկեղեցւոյ կողքի սրահին մէջ, տօնելու համար 115ամեակը: Պատրաստուած էր պատշաճ յայտագիր մը, ի պատիւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին՝ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեանի, որ ի մօտոյ հանգստեան պիտի կոչուի:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգներով: Հանդիսավարն էր հոգաբարձութեան անդամներէն Տիար Ուորըն Փապուճեան: Ցուցադրուեցաւ Տէր Հօր ծառայական կեանքէն քաղուած հատուածներ ներկայացնող ժապաւէն մը: Տէր Հօր յուշանուէր մը յանձնեց Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Տիար Պերճ Աբգարեան, իսկ գնահատագիր մը՝ քաղաքի վերահսկիչ Անտրէաս Պորկէաս: Յարգանքի արտայայտութիւններ ունեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի, դպրաց դասի, Կիրակնօրեայի, Տիկնանց Միութեան եւ եկեղեցւոյ Արանց Ընկերակցութեան ներկայացուցիչները: Հոգաբարձութեան խօսքը արտասանեց Տիար Պիլ Սաաթճեան:

Խօսք առաւ նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամներէն բարեշն. Մարք Սրկ. Շիրին, որ իբրեւ առաջնորդող մտածում ընտրած էր Բարի Հովիւին առակը: Ան խօսեցաւ իր հօտը հոգատար կերպով առաջնորդող հովիւի տիպարին մասին, որուն ձայնը լսելի կ’ըլլայ հօտին անդամներուն կողմէ, այդ ձայնը հզօր է, որովհետեւ ճշմարտութեան ձայնն է: Մարք Սարկաւագ անդրադարձաւ Տ. Վահան Քահանայի 18 տարիներու ծառայութեան տարբեր երեսներուն, նշելով, որ այդ տարիներուն, եկեղեցին ու ծխական համայնքը կտրած են բազմաթիւ կարեւոր հանգրուաններ, ինչպէս՝ եկեղեցւոյ 100ամեակը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովուապետական այցելութիւնները, Կիրակնօրեայի շէնքին վերակառուցումը, սրահի ու գրասենեակներուն բարեզարդումը, եկեղեցւոյ բարենորոգումը, եկեղեցւոյ շրջափակին վերակառուցումը, Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակման նուիրուած ձեռնարկներ. ան նշեց, որ Երէցկինը եւս այս տարիներուն նուիրեալ ծառայութիւն ունեցած է Տէր Հօր կողքին: Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Տէր Հօր արժանիքներուն, իբրեւ իր հօտին տէր կանգնող ու առաջնորդող հոգեւորական, որուն ձայնը ներգործութիւն ունեցած է հաւատացեալներու կեանքին վրայ, ըլլայ եկեղեցւոյ ծառայական անդաստաններուն, ըլլայ ազգային կեանքին մէջ, մասնաւորաբար Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակման ծիրին մէջ: Այս բոլորով, ըսաւ ան, Տէր Հայրը հետեւած է բարի հովիւի օրինակին, եւ իր խօսքը եզրափակեց յաջողութիւն մաղթելով Տէր Հօր ու ընտանիքի անդամներուն:

Հանդիսութեան ընթացքին, յարգանքի ու գնահատանքի արժանացաւ նաեւ եկեղեցւոյ նախկին հովիւներէն Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Սրապեանը, իր քահանայական ծառայութեան 35րդ տարեդարձին առիթով:

Շնորհակալութեան խօսք արտասանեց Տ. Վահան Քահանայ, անդրադառնալով Արեւմտեան մեր Թեմին ու Ֆրեզնոյի ծխական համայնքին մէջ իր ունեցած ծառայութեանց:

Տօնակատարութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան ողջունեց հանդիսականները եւ գնահատեց հոգաբարձութիւնը, որ եկեղեցւոյ 115ամեակի այս տօնակատարութիւնը կազմակերպած է ի պատիւ Տ. Վահան Քահանայի, որ մօտ ատենէն հանգստեան պիտի կոչուի՝ այս եկեղեցւոյ 18 տարիներու իր ծառայութենէն ետք: Ան նշեց, որ եթէ մեր եկեղեցիներէն իւրաքանչիւրը մեզի գոհունակութեան ու հպարտութեան առիթներ կ’ընծայէ, Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցին այս ծիրին մէջ ունի իւրայատուկ դեր, որովհետեւ անիկա Արեւմտեան Ափի առաջին եկեղեցին է, ապրած է յարաճուն վերելք: Ան երախտագիտութեան արտայայտութիւն ունեցաւ Ֆրեզնոյի շրջանին մէջ հաստատուած առաջին հայերուն մասին, որոնք համախումբ համայնք ստեղծելով, մեր եկեղեցւոյ ու ազգի հաւատարմութիւնը մարմնաւորած են այս եկեղեցւոյ հիմնադրութեամբ: Անոնց տեսլականը այնուհետեւ կենսագործում ունեցած է տարիներու ընթացքին, կենսունակ պահած է իրերայաջորդ սերունդներ ու եկեղեցւոյ ծխական համայնքը հասցուցած է մեր օրերուն: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ 115 տարիներու ընթացքին, հսկայական աշխատանք տարուած է անտարակոյս, սակայն յաջողութիւնն ու բարեփոխութիւնները երաշխաւորուած են, որովհետեւ համայնքի անդամներուն միջեւ սէրը եղած է տիրական ազդակ, առանց որուն, այս իրագործումները պիտի չըլլային: Ան գնահատեց համայնքի զաւակներուն հաւաքական ճիգերը, ընդգծելով, որ հաւաքական գործն է որ կ’երաշխաւորէ մեր բոլոր եկեղեցիներուն արձանագրած յաջողութիւնները: Ան գնահատանքով խօսեցաւ հոգաբարձութեան, ազգային երեսփոխաններուն, Տիկնանց Միութեան, Արանց ընկերակցութեան եւ բոլոր ծառայողներուն մասին, որոնք հաւատարիմ մնացած են հիմնադիր սերունդի աւանդներուն:

Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ աւելի քան մէկ դարեան յաջողութիւնները փաստացի վկայութիւն են հաւաքական աշխատանքին. համայնքի զաւակները անհատաբար, Տէր Հօր շուրջ համախմբուած, իրենց կարելին ըրած են ու պիտի շարունակեն ընել ի խնդիր եկեղեցւոյ պայծառացման: Ան յատուկ գնահատանք արձանագրեց Տէր Հօր, ծխական այս համայնքին իր հովուական ծառայութեանց համար, մնալով համեստ ու սիրուած հովիւ մը: Ան եղած է Աստուծոյ հաւատարիմ ծառան, իր հօտին հոգատարութիւնը կատարած է սիրով ու նուիրումով: Ան նաեւ յատուկ գնահատեց Երէցկինը, որ Տէր Հօր կողքին նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած է եկեղեցւոյ ու անոր ծխական համայնքին: Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց, որ երբ Տէր Հայրը կը պատրաստուի հանգստեան կոչուելու, Երկնաւոր Հօր Ս. Աջն ու օրհնութիւնները մնան իր կեանքի հովանին:

Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ այս եկեղեցին շուտով պիտի ունենայ նոր հովիւ մը՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանը, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան երիտասարդ անդամներէն է, քանի մը ամիս առաջ ստացաւ վարդապետական աստիճան ու ձեռնադրութիւն, իսկ այժմ, Լիբանանի մէջ կը հետեւի բարձրագոյն ուսման: Ան ալ համեստ ու հաւատարիմ մէկ ծառան է Աստուծոյ, եւ անոր ծառայութեան շրջանին, այս համայնքը վստահաբար նոր ծաղկում պիտի ապրի: Նոր հովիւը վստահաբար ջերմօրէն պիտի ընդունուի ծխական համայնքին կողմէ, որ զօրակից ու գործակից պիտի ըլլայ անոր:

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ 115ամեակի հանգրուանը դառնայ նոր կենսունակութեան եւ վերանորոգ ուխտի մեկնակէտ, կերտելու համար Ս. Երրորդութին եկեղեցւոյ յառաջիկայ տասնամեակները, եւ թող ծխական այս համայնքը դառնայ օրինակելի տիպար մը՝ մեր եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայութեան:

Խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը Տ. Վահան Քահանային նուիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասին նորատիպ հատորէն՝ «The Armenian Catholicosate of Cilicia – History, Treasures, Mission»էն օրինակ մը, առաջինը՝ մեր Թեմին մէջ:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Պահպանիչով եւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022