Ուրբաթ, 5 Սեպտեմբեր 2014ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Ֆրեզնօ ժամանեց, ուր նախագահեց Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ նորակերտ շրջափակին բացման արարողութեան ու կատարեց հոն կանգնած նոր խաչքարին օրհնութիւնը։ Այս նոր բաժինը ձօնուած է եկեղեցւոյ շէնքի 100ամեակին, զոր Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ ծխական ընտանիքը այս տարի կը տօնախմբէ յատուկ կարեւորութեամբ ու մէկէ աւելի ձեռնարկներով:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընկերացաւ Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեան եւ ժողովականութեան ներկայացուցիչները դիմաւորեցին Առաջնորդ Սրբազանը եւ մասնակից եղան արարողութեանց: Ներկայ էր Ազգ. Վարչութեան անդամ բարեշնորհ Մարք Սրկ. Շիրին։
Տէրունական աղօթքէն ետք, Սրբազան Հայրը եւ Տէր եւ Տիկին. Ռէնտի եւ Սիւզի Փառնակեանները մուտքի ժապաւէնը կտրեցին, ապա, եկեղեցւոյ երգչախումբին առաջնորդութեամբ եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ, “Ուրախ Լեր” շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցան դէպի Խաչքարը: Նշենք, որ նորակառոյց բաժինին կեդրոնը, յատակին, նկարուած է հայկական յաւերժութեան նշանը: Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Վարուժան Տէր Սիմոնեան եւ Տիար Ռէնտի Փառնակեան քօղազերծեցին խաչքարը, որուն օրհնութիւնը կատարեց Առաջնորդ Սրբազանը՝ Աւետարանի ընթերցումով ու աղօթքներով: Երգչախումբը, մասնակցութեամբ ներկայ հաւատացեալներուն, երգեց “Կիլիկիա”ն ու Հայաստանի Քայլերգը։ Յայտնենք, որ խաչքարը կանգնած է բարերարութեամբ եկեղեցւոյ հաւատացեալ անդամներէն՝ Փէթ Սեւոյեանի։ Խաչքարը զետեղելն ու անոր վրայ զետեղուած քանդակներուն գծանկարները յղացքն են եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետին, գործակցութեամբ Արմէն Դաւթեանիւ: Անիկա Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ համար պատրաստուած է Արցախի մէջ, ձեռարկերտն է արուեստագէտ Յովհաննէս Մկրտչեանի: Առաջնորդ Սրբազանը զայն կոչեց “Վերածննդեան Խաչքար”: Անիկա քանդակուած է իւրայատուկ ձեւով. անոր մէկ երեսին քանդակուած է աւանդական պատկերով խաչքար մը, իբրեւ խորհրդանիշ մեր հաւատքին, իսկ երկրորդ երեսին քանդակուած են մեր Այբուբենը, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի քանդակը, իսկ ճակատին՝ հայերէնի թարգմանուած սուրբ գրային առաջին նախադասութիւնը՝ “Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ”. այս երեսը կը խորհրդանշէ մեր մշակոյթը:
Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութեան եւ շնորհաւորութեան խօսք ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն, նշելով, որ եկեղեցւոյ պատմական շէնքին 100ամեակը գեղեցիկ յուշեր կþարթնցնէ բոլորիս մէջ: “Այս եկեղեցւոյ կառուցումէն ի վեր, ու տասնամեակներ շարունակ, Ֆրեզնոյի մեր ծխական համայնքը հպարտութեան բազմաթիւ առիթներ ստեղծած է մեր համայնքին կեանքին մէջ, իսկ այս խաչքարը կը հանդիսանայ նորագոյն վկայութիւնը”, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը: Ան շնորհաւորեց եկեղեցւոյ հովիւը, հոգաբարձութիւնն ու ծառայողները, օրհնեց եկեղեցւոյ ու նոր խաչքարին կառուցման մէջ երախտիք ունեցողները, մաղթելով, որ անոնք շարունակեն ներշնչման աղբիւր եւ փարոս ծառայել յատկապէս նոր սերունդներուն համար, իբրեւ պահապան ու խորհրդանիշ մեր հաւատքին, լեզուին, մշակոյթին, ազգային արժէքներուն ու աւանդներուն:
Ապա խօսք առաւ Տիար Վարուժան Տէր Սիմոնեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Փառնակեան, Չաքալոզեան, Քազարեան, Սահաթճեան եւ Շամշոյեան ընտանիքներուն, որոնց նուիրատուութեանց շնորհիւ կարելի եղած էր իրագործել շրջափակին նորոգութիւնը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն ծրագրի յաջողութեան։
Այնուհետեւ, ներկաները մուտք գործեցին եկեղեցի, որ վերջերս բարեզարդումի ենթարկուած է եւ օժտուած՝ նոր երգեհոնով մը: Ողջոյնի խօսք արտասանեց Տիար Վարուժան Տէր Սիմոնեան: Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց սրտի խօսք մը, գնահատանք արձանագրելով եկեղեցւոյ 100ամեակին առիթով մշակուած ծրագիրներուն ու իրագործումներուն համար: Դարաւոր կամարներուն տակ տեղի ունեցաւ երաժշտական համերգ, կատարողութեամբ երգեհոնահար Թոնի Իմփրէթրիսի, որ ներկայացուց կտորներ՝ Պախէն, Գալֆայեանէն, Մասքանիէն եւ Ուիտորէն: Աւարտին, ներկաները հիւրասիրուեցան եկեղեցւոյ սրահին մէջ։
Photos courtesy of Alain Ekmalian