Տասը Կուսանաց Յիշատակի Արարողութիւն Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 27 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Աւագ Երեքշաբթիի արարողութեան, որ նուիրուած է Քրիստոսի Տասը Կոյսերու առակի յիշատակին։ Արարողութեան ընթացքին, եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին տասը կոյսերը։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Տասը Կոյսերու առակի խորհուրդին, նշելով, որ անոնցմէ հինգը իրենց լապտերները իւղով լեցուցած կը սպասէին փեսային գալստեան, մինչդեռ միւս հինգը բաւարար իւղ չէին բերած իրենց հետ, ու երբ գացին իւղ բերելու, ներկայ չէին փեսան դիմաւորելու պահուն ու դուրս մնացին։ Մեր կեանքը ներկայացնող այս առակին մէջ, իւղը խորհրդանիշն է Աստուծոյ շնորհքին ու մեր էութեան մէջ ներթափանցող Սուրբ Հոգիին, որոնք կը լուսաւորեն մեր կեանքը։ «Փեսան՝ Յիսուս, օր մը դարձեալ պիտի գայ, ու մենք արթուն պէտք է ըլլանք։ Ուրեմն, մեր ճրագներուն մէջ առատ իւղ պահենք, որովհետեւ Անոր հանդիպելու պայմանը լապտերի մէջ իւղ ունենալն է, այսինքն Աստուծոյ շնորհքը եւ Ս. Հոգին», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, ընդգծելով, որ Փեսային տեսութեան արժանի ըլլալու համար, Աստուած մեզի պարգեւեց նաեւ Ս. Գիրքը, մեր եկեղեցին, մեր հայրերուն պատգամները, եկեղեցւոյ արարողութիւններն ու աւանդութիւնները, որոնք միջոցներ են մեր լապտերներուն իւղը աւելցնելու։

«Աւագ Շաբաթ լաւագոյն առիթը կ’ընծայէ հաւատացեալին, որպէսզի պատրաստուի Փեսային գալստեան ու իր հոգին լեցնէ լուսաւորող իւղով։ Ուրեմն, պատրաստ ըլլանք Իր գալստեան, ընդունինք Զինք, միանանք Իրեն։ Իմաստուն կոյսերուն նման ըլլանք, Աստուծոյ շնորհքով մեր երկրաւոր կեանքի ընթացքին հոգեւոր պատրաստութիւն ունենանք ու արժանի ըլլանք ժառանգելու Աստուծոյ Արքայութիւնը», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022