Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ Նախագահեց Աւագ Երեքշաբթիի Ժամերգութեան


Երեքշաբթի, 22 Մարտ 2016ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Աւագ Երեքշաբթի օրուան երեկոյեան ժամերգութեան եւ իր պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն եւ Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտներուն։

Արարողութիւնը կը յիշատակէ Տասը Կոյսերուն առակը, որուն մէջ կը պատմուի թէ հինգ կոյսերը իմաստուն եղան իրենց լապտերներուն համար յաւելեալ իւղ վերցնելու եւ այդպիսով ողջունեցին եւ վայելեցին Փեսային գալուստը, որ ուշացաւ։ Մինչ առակին միւս հինգ յիմար կոյսերը կորսնցուցին այդ առիթը, որովհետեւ գացած էին նոր իւղ գնելու։ Առակը կը պատգամէ, միշտ պատրաստ ըլլալ Տիրոջ գալստեան, որովհետեւ չենք գիտեր օրը եւ ժամը։ Տասը կոյսերը կը ներկայացնէին Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտուհիներ, որոնք իրենց ձեռքին լապտերներով մասնակցեցան արարողութեան։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ լապտերներուն եւ իւղին խորհուրդին մասին։ Լապտերները կը ներկայացնեն մեր աղօթքները, պահեցողութիւնը, Աստուծոյ խօսքի ընթերցումը, եկեղեցւոյ ծառայութեան մասնակցութիւնը. այս բոլորը լաւ են մեզի համար, սակայն առանց իւղի՝ որ կը խորհրդանշէ Ս. Հոգւոյ շնորհքը, անոնք դատարկ են։ «Ինչպէս որ իւղը լապտերը կը լուսաւորէ, նոյնպէս ալ Ս. Հոգին մեր հոգիները կը լուսաւորէ եւ կը պայծառացնէ», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը։ «Ս. Հոգւոյ շնորհքը կարելի է ստանալ միայն Քրիստոսի միջոցաւ, մեր կեանքը իրեն նուիրելով եւ զայն մեր սրտերուն մէջ ընդունելով եւ բնակեցնելով։ Եկէք այսօր մեր անձերը ընծայենք Քրիստոսի, որպէսզի մենք ալ արժանի ըլլանք Իր շնորհքին, ինչպէս որ եղան իմաստուն կոյսերը։ Յատկապէս Ծառայութեան Տարուան ընթացքին, մեր եկեղեցւոյ եւ ազգին պայծառացման ու վերելքին համար ծառայենք, սիրով եւ նուիրումով, մեր հայրերուն օրինակով», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022