«Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի Օր»ուան Տօնախմբութիւն

Նախաձեռնութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան, Շաբաթ, 9 Նոյեմբեր 2019-ին, Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի «Պաղտասարեան-Շահինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Օր»ուան տարեկան տօնախմբութիւնը:

Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին, կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւններն ու շնորհաւորանքը։ Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Ազգային Առաջնորդարանը երկար տարիներ շարունակ կրօնական դաստիարակչական յատուկ դասընթացքներով համագործակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հետ, իսկ Առաջնորդ Սրբազանը մշտապէս աջակցած ու գնահատած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գործունէութիւնն ու ծառայութիւնը։

Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս մեծարանքի արժանացան միութեան նուիրեալ կամաւորներ։ «Արտակարգ Պատուանշան»ով պարգեւատրուեցաւ Տիար Սթիւ Արթինեան, իսկ «Ծառայութեան Շքանշան» ստացան Քալիֆորնիոյ տարբեր մասնաճիւղերէ 14 անդամներ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022