Շաբաթ, 6 Հոկտեմբեր 2018-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ շրջանի Սան Ֆրանսիսքոյի, Սանթա Քլարիթայի «Անի» եւ Ուոլնաթ Քրիքի «Կարս» մասնաճիւղերու վարչութեանց։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, ձեռնարկին ներկայ եղաւ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի։ Ներկայ էին նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Տիար Կարպիս Պէզճեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեան եւ անդամներ։
Հանդիսութիւնը սկսաւ հանդիսավարներուն՝ Թամար Տէյիրմէնճեանի եւ Կարէն Տէր Խաչատուրեանի ողջոյնի խօսքերով։ Առաջնորդական փոխանորդ Սրբազանը կատարեց բացման աղօթքը։ Նոյն առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը ուղարկած էր օրհնութեան եւ շնորհաւորանքի խօսք մը, որ լոյս տեսած էր այս առիթով հրատարակուած յուշամատեանին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը կ’ողջունէր կազմակերպիչ մասնաճիւղերն ու ընդհանրապէս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքը՝ յոբելենական այս տարուան առիթով, շեշտելով, որ «Հայութեան կեանքին մէջ 100 տարի առաջ ծնունդ առած Հ.
buy female viagra online https://noprescriptionrxbuyonline.com/female_viagra.html no prescription
Մ.Ը.Մ.-ը ժամանակի պահանջին արդիւնքն էր, որպէսզի Շաւարշ Քրիսեանի ու սերնդակիցներուն վառած ջահը ջերմացնէ հայ երիտասարդին հոգին ու զայն աճեցնէ «Առողջ միտք առողջ մարմինի մէջ» նշանաբանով»։ Ան նաեւ կ’ընդգծէր, որ «Ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք, Հայաստանի մէջ անկախ պետականութեան հաստատումին զուգադիպած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ծնունդը նո՛յնքան ուժեղ արտայայտութիւն մըն էր հայուն վերապրելու եւ վերընձիւղումի կամքին»։
Երեք մասնաճիւղերէն խումբ մը սկաուտներ ներկայացուցին շրջանի գործունէութեան պատմականը։ Գլխաւոր բանախօսն էր ազգային գործիչ եւ վաստակաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ական Տիար Ժիրայր Սարգիսեան։ Յանուն Շրջանային ու Կեդրոնական վարչութեանց՝ սրտի խօսքեր արտասանեցին Տեարք Մանուէլ Մարսէլեան եւ Վիգէն Դաւթեան։ Շրջանի մասնաճիւղերու ատենապետները արժանացան յուշանուէրներու, իսկ պաշտօնական յայտագիրի աւարտին, տեղի ունեցաւ տարեդարձի կարկանդակի հատումը, մասնակցութեամբ երեք մասնաճիւղերու հիմնադիր անդամներու։ Այնուհետեւ, երեկոն շարունակուեցաւ խրախճանքով։