Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Ազատամարտ» Մասնաճիւղի 40-Ամեակի Տօնակատարութիւն

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղը Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Փասատինայի «Լէնկհըմ» պանդոկին մէջ կազմակերպուած ճաշկերոյթով մը տօնեց իր հիմնադրութեան 40-րդ տարեդարձը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ ուղղեց իր պատգամը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան եւ Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։ Ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան, Հ.Յ.Դ. «Լեռնավայր» կոմիտէի եւ շրջանի միութեանց ներկայացուցիչներ։

Երեկոն սկիզբ առաւ սեղաններու օրհնութեան աղօթքով, զոր կատարեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան նախ շնորհաւորական մաղթանքներ փոխանցեց, ապա նշեց, որ կը տօնենք յաղթանակի տօնական օր մը, արժեւորելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի 40 տարիներու եռուն ու աշխոյժ գործունէութիւնը՝ Փասատինայի հայկական գաղութին մէջ։ Ան յիշեցուց, որ այս գաղութը տօնախմբեց նաեւ շրջանի Հ.Յ.Դ. Լեռնավայր կոմիտէի 40-ամեակը, իսկ այս յոբելենական հանգրուանները կը նշուին այն պահուն, երբ ազգովին կը պատրաստուինք յառաջիկայ տարի տօնելու Հայաստանի Հանրապետութեան 100-րդ տարեդարձը, որ նաեւ 100-ամեակն է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքին։ Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ հայ պատանիին ու երիտասարդին բարոյականը կերտելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութեան վրայ, շեշտելով, որ այս միութիւնը լծուած է նոր սերունդի հոգիին մէջ արմատաւորելու մեր եկեղեցական ու ազգային ժառանգութիւններն ու արժէքները։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ մասնաճիւղի հիմնադիրներուն ու զանոնք հովանաւորող՝ Շրջանային վարչութեան մասին եւ մաղթեց, որ այս մասնաճիւղը յարաճուն վերելք ապրի ի խնդիր իրերայաջորդ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան ու մարդակերտումին։

Մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ ատենապետուհին՝ Անիթա Տէրտէրեան, իսկ Շրջ. Վարչութեան կողմէ՝ Փիեռ Մանուկեան։ Ցուցադրուեցաւ մասնաճիւղի գործունէութեան 40 տարիները ամփոփող ժապաւէն մը։ Լուսարձակի տակ առնուեցաւ այն, որ մասնաճիւղը ունի երազ մը՝ ընդարձակել իր այժմու կառոյցը եւ զայն օժտել մարզասրահով մը՝ ի սպաս շրջանի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն։

40-ամեակի տօնակատարութեան առիթով, մասնաճիւղի վարչութիւնը ազնիւ մտածումը ունեցած էր մեծարելու եւ յուշանուէրներով պատուելու հիմնադիր սերունդէն հինգ նուիրեալներ, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ գնահատելու օրուան հովանաւորները։ Յայտագիրի աւարտին, տեղի ունեցաւ տարեդարձի կարկանդակի հատում։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022