Առաջնորդ Սրբազան Ներկայ Եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Ձեռնարկին

Ընդառաջելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Շաբաթ, 27 Յունուար 2018-ի երեկոյեան ներկայ եղաւ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնի աւանդական խրախճանքին, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Ֆենիսիա» ճաշարանին մէջ։ Ներկայ էին մասնաճիւղերու վարչութիւնները, շրջանային յանձնախումբերն ու «Նաւասարդեան» խաղերու պատուոյ նախագահները։

Արտասանուեցան ողջոյնի ու բարեմաղթութեանց խօսքեր։ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. Վարչութեան ու անոր հովանիին տակ գործող բոլոր միաւորներուն աշխատանքին մասին, կանգ առաւ այն իրողութեան վրայ, որ այս տարի հայութիւնը կ’ապրի յոբելենական տարի մը՝ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակը, Համազգայինի 90-ամեակը, որոնք առիթ են քննական մօտեցումով դիտելու մեր կտրած ճամբան, իրագործումները եւ անոնցմէ մեկնելով՝ վերանորոգումի կամքով նայիլ դէպի նոր հորիզոններ։ Ան յատկապէս մաղթեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակի տարին նոր առիթ մը ըլլայ լուսարձակի տակ բերելու մարզական մեծ միութեան սերնդակերտ ու հայրենանուէր գործունէութիւնը, օրհնեց Շրջանային Վարչութեան ու մասնաճիւղերու նուիրեալ ծառայողները, «Նաւասարդեան» խաղերու պատուոյ նախագահներն ու «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»ի պատիւին արժանացողները, ու իր խօսքը եզրափակեց յաջողութիւն մաղթելով Շրջ. Վարչութեան բոլոր ծրագիրներուն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022