Լոս Անճելըս ժամանումի վաղորդայնին, Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2016ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը ժամանեցին Ազգային Առաջնորդարան. Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ միաբան հայրեր։ Ազգային Առաջնորդարանի մուտքին, շքախումբը դիմաւորուեցաւ Թեմիս միաբան հայրերուն եւ հոգեւորականաց դասուն կողմէ, գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանի: Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան եւ անձնակազմին անդամներ:
«Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ, Վեհափառ Հայրապետը առաջնորդուեցաւ «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռ, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք։ Այնուհետեւ, Վեհափառ Հայրապետը Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ հոգեւորականաց դասուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Ցեղասպանութեան Ս. նահատակներու 100-ամեակի յուշակոթողին մօտ, ուր սրբոց նահատակաց բարեխօսութեան աղօթքը արտասանեց Վեհափառ Հայրապետը եւ ապա, առաջին օրհնութիւնը տուաւ մեր Թեմին: Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց ողջոյնի խօսք, բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհաւորեց Նորին Ս. Օծութիւնը՝ գահակալութեան 20ամեակին առիթով։ Պահը աւարտեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։
Ն. Ս. Օծութիւնը Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ մտերմիկ հանդիպումներ ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, հոգեւորականաց դասուն եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներու հետ եւ տուաւ իր պատգամն ու օրհնութիւնները։