Չորեքշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2019-ին, Լոս Անճելըսի «Chinese Theatre»-ին մէջ «I am not alone» վաւերագրական ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ, 2018-ի Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութեան նիւթով։ Ֆիլմի բեմադրիչն է Կարին Յովհաննիսեանը։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ցուցադրութեան եւ իր շնորհաւորութիւններն ու օրհնութիւնը փոխանցեց բեմադրիչին եւ Յովհաննիսեան ընտանիքին։