Երեքշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2020ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Տէր եւ Տիկին Աբօ եւ Նորա Թաշճեանի:
Թաշճեան զոյգը Սրբազան Հօր փոխանցեց իր անկեղծ բարեմաղթութիւնները եւ այս առիթով Ազգային Առաջնորդարանին նուիրեց 10 հազար տոլար: