Ուրբաթ, 24 Մայիս 2019-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի մեծ ընտանիքը գուժեց վախճանումը Տ. Մուշեղ Աւ․ Քհնյ. Տէր Գալուստեանի։
Տէր Մուշեղ 28 տարի ծառայեց իբրեւ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Ան նախապէս ծառայած էր Րէյսինի (Ուիսքանսըն) Ս. Յակոբ եւ Ուուսթըրի (Մէսէչուսէց) Ս. Երրորդութիւն ծխական համայնքներուն։
Յանուն Թեմիս Հոգեւոր Դասուն, Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ցաւակցագիր մը յղեց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանին, Հոգեւոր Դասուն եւ Ազգ. Իշխանութեան, լուսահոգի Տէր Հօր երէցկնոջ, զաւակներուն, թոռներուն, քոյրերուն եւ հարազատներուն, աղօթելով առ բարձրեալն Աստուած որ Տէր Հօր բարի հոգին հանգչեցնէ Իր լուսաւոր խորաններուն մէջ։
Առաջնորդ Սրբազանը, որ փոքր տարիքէն իբրեւ ընտանեկան բարեկամ ծանօթ էր վախճանեալ Տէր Հօր, զինք բնորոշեց որպէս «Հայ եկեղեցւոյ նուիրեալ ու անձնդիր սպասաւոր, որ իր կեանքը նուիրեց հայ եկեղեցւոյ ծառայական անդաստանին, ըլլալով ժողովուրդին հովիւը, իր հօտէն ու բոլորին կողմէ սիրուելով ու յարգանքի արժանանալով։ Ան եղաւ քաջ հովիւ, արթուն պահակն իր հօտին եւ յանձնառու հոգեւորականն ու ջերմ պաշտպանը մեր եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին եւ աւանդութեանց։ Բազմատասնեակ եւ բազմավաստակ ծառայութենէն ետք, նոյնիսկ իր հանգստեան կոչուած տարիներուն, Տէր Հայրը միշտ պատրաստակամ եղաւ ծառայելու։»
Վախճանեալ Տէր Հօր վերջին օծումը կատարուեցաւ Չորեքշաբթի, 29 Մայիսին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի, ապա թաղումը Քուինզ, Նիւ Եորքի Սիտըր Կրով գերեզմանատան մէջ։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։