Հանգիստ՝ Տ. Նարեկ Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Հոգեւորականաց Դասը, Կրօնական Ժողովն ու Ազգ. Վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն Թեմիս բազմավաստակ հոգեւորականներէն Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Շրիգեանի վախճանումը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2017-ին։

Վախճանեալ Քահանայ Հօր ծառայական վաստակը կ’երկարի աւելի քան 60 տարիներու վրայ. ծնած է Մուսա Լեռ, 1926-ին, Տ. Մովսէս Քահանայի յարկին ներքեւ եւ հասակ առած անոր շունչին տակ։ 50-ական տարիներու սկիզբը մուտք գործած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը եւ հետեւած՝ քահանայից պատրաստութեան դասընթացքին։ Քահանայ ձեռնադրուած է 1955-ին. ծառայութեան առաջին անդաստանը եղած է Այնճարը, ուր պաշտօնավարած է իբրեւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, հիմնական դեր ունեցած է նոր եկեղեցւոյ կառուցման մէջ, միաժամանակ վարելով ազգային «Յառաջ» վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը, վարժարանը օժտելով երկրորդական բաժինով։ 1963-ին տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը ու յաջորդ տասնամեակներուն, իբրեւ հոգեւոր հովիւ՝ ծառայած է Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ, Օրէնճ Քաունթիի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ (յետագային Ս. Քառասնից Մանկանց), Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու ծխական համայնքներուն, միաժամանակ վարելով ուսուցչական եւ տնօրէնի պաշտօն։ Երկար տարիներ անդամակցած է Թեմիս Կրօնական Ժողովին, նաեւ վարած՝ ատենապետի պաշտօնը։

Տէր Հայրը եղած է եկեղեցաշէն եւ դպրոցաշէն, գործնապէս նպաստելով Թեմի եկեղեցիներու հիմնադրութեան ու շինութեան եւ վարժարաններու ընդարձակման։ Գործած է անսակարկ նուիրումով, վայելած է Թեմիս ժողովականութեան ու հաւատացեալ ժողովուրդին սէրն ու համակրանքը. աւելին, եղած է բարերար եւ իր արդար վաստակէն բաժին հանած է Դպրեվանքին ու Հայ Դպրոցին, իբրեւ երախտագիտութեան գործնական արտայայտութիւն եկեղեցւոյ ու ազգին։

Տ. Նարեկ Աւ. Քահանայի վերջին օծման ու թաղման կարգը տեղի պիտի ունենան յընթացս Ս. Պատարագի, Երկուշաբթի, 18 Սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11-ին, Կլետէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ապա վախճանեալ քահանայ հօր մարմինը պիտի հանգչի Հոլիվուտ Հիլզի «Ֆորէսթ Լոն» գերեզմանատան մէջ։

Այս տխուր առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը, հոգեւոր դասը, Կրօնական Ժողովը, Ազգ. Վարչութիւնն ու Արեւմտեան Թեմի մեծ ընտանիքը կը ցաւակցին վախճանեալ Տէր Հօր զաւակներուն՝ Ցոլակի, Նեկտարի, Սալբիի, Նայիրիի եւ քրոջ՝ Սօսի Պիտանեանի ու անոնց ընտանեկան հարազատներուն։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022