Մահ՝ Ազգ. Բարերար Յարութ Պարսամեանի


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովը, Ազգային Վարչութիւնը եւ «Յարութ Պարսամեան Կրթանպաստի Հիմնադրամ»ի յանձնախումբը խոր ցաւով կը սգան Ազգային բարերար Դոկտ. Յարութ Պարսամեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 20 Նոյեմբեր 2015ին:

Յարութ Պարսամեան, առ ի գնահատանք իր առատաձեռն նուիրաբերումներուն, 2011 թուականին արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի «Կիլիկեան Իշխան»ի շքանշանին, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Ան իր վաստակէն բաժին հանած է Ազգային Առաջնորդարանիս, ուր նաեւ հաստատած է «Յարութ Պարսամեան Կրթանպաստի Հիմնադրամ»ը, օժանդակութեան ձեռք երկարելով համալսարանական հայ ուսանողներու: Ան բարերարութիւններ կատարած է նաեւ ազգային հաստատութեանց, որոնց շարքին, Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ եւ կողքին գտնուող Հայ Կեդրոնին, որ կը կրէ իր անունը:

Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալին այրիին՝ Տիկին Թամարային, քրոջ՝ Արմինէ Պօղարեանի ու զաւակներուն՝ Շաքէին եւ Մանուէլին, ինչպէս նաեւ Պարսամեան եւ Պօղարեան ընտանիքներու հարազատներուն ու բարեկամներուն:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022