Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան մեր Թեմի հաւատացեալ ժողովուրդին խոր ցաւով կը գուժէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի մօր՝ Տիրամայր Լուսին Քէշիշեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2019-ին, Լիբանանի մէջ։
Այս տխուր առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը, Թեմիս Կրօնական Ժողովը, Ազգային Վարչութիւնը, Հոգեւորականաց Դասն ու յարակից մարմինները ցաւակցութիւն կը յայտնեն Նորին Սուրբ Օծութեան, ընտանեկան պարագաներուն ու հարազատներուն։
Առաջնորդ Սրբազանի տնօրինութեամբ, Կիրակի, 15 Սեպտեմբերին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի, «Տէր Ողորմեա»ի յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ Տիրամօր յիշատակին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 18 Սեպտեմբերին, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ։
Թող ամենակալն Աստուած յաւիտենական հանգիստ շնորհէ Տիրամօր բարի հոգիին եւ երկինքի արքայութեան արժանացնէ։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ