Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ` Գերշ.
buy antabuse online www.parkviewortho.com/wp-content/languages/new/prescription/antabuse.html no prescription
Տ· Թորգոմ Ս· Եպս· Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն Թեմիս հանգստեան կոչուած հոգեւորականներէն` Արժ· Տ· Բաբգէն Քհնյ· Մանուէլեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 6 Մարտ 2022-ին, Մոնթեպելոյի մէջ։
Վախճանեալ Տէր Հօր վաստակը կ՛երկարի աւելի քան չորս տասնամեակներու վրայ։ Ծնած է Մուսալեռի Վաքըֆ գիւղը, 1934-ին։ Յաճախած է Պոլսոյ Հայ Առաքելական դպրեվանքը, ապա, 1956-ին, մեկնած է Լիբանան եւ հաստատուած՝ Այնճար հայաւանը, ուր 20 տարի ուսուցչական պաշտօն վարած է տեղւոյն Յառաջ Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանին մէջ։
Քահանայ ձեռնադրուած է 1979-ին, ձեռամբ՝ Տաթեւ Ս· Արք. Սարգիսեանի։
Վախճանեալ Տէր Բաբգէնի հովուական ծառայութիւնը սկիզբ առած է 1979-ին, Սան Փաուլոյի (Պրազիլ) Օզասքօ շրջանի Ս· Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ: 1983-ին, ան փոխադրուած է Լոս Անճելըս եւ մինչեւ 2002 թուական իր ծառայութիւնը բերած՝ Մոնթեպելլոյի նորակառոյց Ս· Խաչ Մայր տաճարին մէջ, միաժամանակ զբաղելով ուսուցչութեամբ, տեղւոյն Ազգ· Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, ապա կոչուած է հանգստեան:
Այս տխուր առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն վախճանեալ Տէր Հօր կեանքի ընկերոջ՝ Երէցկին Արփինէին, զաւակներուն՝ Վահէին ու Սեւակին, ինչպէս նաեւ հարսերուն, թոռներուն, ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն, բարեկամներուն եւ Ս· Խաչ Մայր տաճարի մեծ ընտանիքին։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ