Քրիստոնէական Դաստիարաութեան Միջ-Թեմական Երկօրեայ Խորհրդաժողով Անթիլիասի Մէջ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, Ուրբաթ, 1 Մարտ 2019-ին ընթացք առաւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Միջ-թեմական Յանձնաժողովին երկօրեայ խորհրդաժողովը։ Յանձնաժողովին նպատակն է ծրագրել քրիստոնէական դաստիարակութիւնը ժողովուրդին նոր մեթոտներով փոխանցելու միջոցներ՝ պատշաճեցնելով տուեալ երկիրի միջավայրին եւ քննել ժամանակակից ընկերաբարոյական հարցերը։

Յանձնաժողովին ատենապետն է Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան, իսկ աշխատանքներու համադրողն է Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ.
buy elavil online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/elavil.html no prescription

Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան։

Արեւմտեան մեր Թեմէն ժողովին կը մասնակցին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։

Մեղրիկ Սրբազանին բարի գալուստի խօսքէն ետք, Նորին Սրբութիւնը ուղղեց իր պատգամը՝ ճշդելով ժողովի ուղղութիւնն ու ընթացքը։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային առաքելութեան ծառայութիւնը, որ եղած է համապարփակ։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ «քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եկեղեցւոյ գործունէութեան երեսներէն մէկը չէ, այլ եկեղեցին ի՛նք քրիստոնէական դաստիարակութիւն է եւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը վկայութիւնն է Քրիստոսի Աւետարանին, Աստուծոյ մարդեղութեան եւ փրկագործական խորհուրդին»։ Ան նշեց, որ դաստիարակութիւնը չի սահմանափակուիր Սուրբ Գրոց սերտողութեան դասընթացքներով եւ կամ պատանիներու կիրակնօրեայ վարժարաններ յաճախումով, այլ կ’ընդգրկէ ներկայ պայմաններու, մտայնութիւններու, ժամանակներու եւ միջավայրերու իւրայատկութիւններու համապատասխան լուծումները։ Թէեւ բոլոր թեմերուն մէջ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը ունի հասարակաց յայտարար մը, սակայն արդի ժամանակներու հետ համապատասխան լուծումներ, միջոցներ եւ ձեւեր պէտք է ճշդել իւրաքանչիւր միջավայրի համաձայն եւ բոլոր տարիքներու համար։ Միաժամանակ, ան աւելցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յատուկ հոգածութիւն ցոյց տուած է եւ կու տայ քրիստոնէական դաստիարակութեան, որ հետզհետէ աւելի կը շեշտուի եւ կազմապերպչական բնոյթ կը ստանայ, որուն համար սոյն խորհրդաժողովը տեղի կ’ունենայ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022