Միջ-Համայնքային Աղօթք Ի Սէր Հայրենիքի Անսասանութեան

Երկուշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, Պըրպէնք, տեղի ունեցաւ միջ-համայնքային աղօթք ի սէր հայրենիքի անսասանութեան եւ խաղաղութեան վերահաստատման։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Թեմիս Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Եպս․ Տօնոյեան, Գերշ․ Տ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեան, Գերշ․ Տ․ Միքայէլ Եպս․ Մուրատեան ու Վերապատուելի Պերճ Ճամպազեան, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներ ու հաւատաւոր հայորդիք։

Արարողութեան ընթացքին հոգեւոր առաջնորդները իրենց պատգամին մէջ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեցին մեր հայրենիքին, Հայոց քաջարի Բանակին, մեր հայրենի քոյրերուն եւ եղբայրներուն։ Անոնք աղօթք բարձրացուցին առ բարձրեալն Աստուած, որպէսզի Տէրը Ի՛նք պահէ ու պահպանէ մեր հայրերուն կողմէ մեզի աւանդուած սուրբ հողը եւ խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը վերստին հաստատէ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022