Հինգշաբթի, 11 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-դպրոցական ասմունքի 6-րդ մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ու դատական կազմի անդամներ, տնօրէններ, դաստիարակներ եւ ծնողներ։
Տէրունական աղօթքի հաւաքական արտասանութենէն ետք, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ատենապետուհի Տիկին Լիզա Կապուտեան արտասանեց ողջոյնի խօսք, յայտնելով, որ այս տարի մասնակիցներուն թիւը գրեթէ կրկնապատկուած էր մեծ հրճուանք պատճառելով կազմակերպիչներուն։ Այս տարուան թեման թելադրուած էր մարդկային ազնիւ արժանիքներ շօշափող կտորներու ընտրութիւնը, այսինքն՝ մարդասիրութիւն, ընկերասիրութիւն, հաւատարմութիւն եւ հայրենասիրութիւն։ Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց դատական կազմին՝ Տեարք Գրիգոր Օկարեանի,Գէորգ Պետիկեանի, Սայաթ Բաբումեանի, Մկօ Փանոսեանի ¤Կայլակ¥ ու Տիկնայք Թագուհի Արզումանեանի եւ Մարալ Վարժապետեանի, որոնք համբերութեամբ, իրենց կարեւոր ներդրումը բերին ձեռնարկի հեզասահ ընթացքին մէջ, նաեւ՝ Տիար Միհրան Թումաճեանին, որ առաջին տարիէն իսկ յանձն առած էր կազմակերպչական եւ գնահատանքներու համադրումի աշխատանքները։
Այնուհետեւ, հանդիսավարը՝ Խնամակալ Մարմինի անդամ Իրաւաբան Սարգիս Ուրֆալեան խումբ առ խումբ բեմ հրաւիրեց երեք խմբակներուն մրցանակաւորները։
Նախակրթարանի 4րդ եւ 5րդ դասարաններու խմբակի մրցանակաւորներն էին հետեւեալները. Ա. մրցանակ՝ Լորիկ Արթինեան (Ազգ. Մեսրոպեան Վրժ.), Բ. մրցանակ՝ Լիլի Հայթայեան (Ազգ. Մ. Գապայեան Վրժ.) Գ. մրցանակ՝ էմըլի Սէմէրճեան (Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վրժ.) եւ Դ. մրցանակ՝ Արփի Այվազեան (Ազգ. Ա. Կ. Մինասեան Վրժ.)։
Միջնակարգի 6րդ, 7րդ եւ 8րդ դասարաններու խմբակի մրցանակաւորներն էին հետեւեալները. Ա. մրցանակ՝ Գառնի Պալեան (Ազգ. Ֆերահեան Վրժ.), Բ. մրցանակ՝ Հրակ Խաչերեան (Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վրժ.) եւ Գ. մրցանակ՝ Անդրէ Կիրակոսեան, ¤Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վրժ.)։
Երկրորդականի 9-րդէն 12-րդ դասարաններու խմբակի մրցանակաւորներն էին հետեւեալները. Ա. մրցանակ՝ Ալիք Արթինեան (Ազգ. Մեսրոպեան Վրժ.), Բ. մրցանակ՝ Արա Եագուպեան (Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Վրժ.), Գ. մրցանակ՝ Ժպիտ Մելքոնեան (Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Վրժ.) եւ Դ. մրցանակ՝ Շանթ Յովակիմեան (Հ.Բ.Ը.Մ. Վ. եւ Թ. Մանուկեան Վրժ.)։
Ա. մրցանակին արժանացող երեք աշակերտները բեմ ելան եւ ասմունքեցին, կրկին անգամ հիացում պատճառելով ներկաներուն եւ արժանանալով անոնց ջերմ ծափողջոյններուն։ Բոլոր մրցանակաւորները արժանացան իրենց անունով փորագրուած յուշատախտակներու։ Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ անոնք ստացան Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի եւ Պիքֆայայի նահատակաց յուշարձանին մանրատիպը խորհրդանշող յուշատախտակներ։ Յուշանուէրներ ստացան նաեւ դատական կազմի 7 անդամները, Ուիլիըմ Սարոյեանի անտիպ նկարներու ալպոմը։
Դատական կազմէն խօսք առաւ բանաստեղծ Կայլակ, որ շնորհաւորանքի խօսքեր ուղղեց աշակերտներուն, ըսելով՝ «Հայը միշտ պայքարած է այբուբենով եւ բանաստեղծներով, դուք այդ պայքարը կը շարունակէք ձեր ասմունքներով, փաստելով, որ մայրենի քաղցր լեզուն հիմնաքարն է մեր էութեան։ Գերազանցելով դուք ձեզ, կեանք տուիք քերթուածներուն, ճախրա՛նք տուիք մեր հոգիներուն։» Ապա ան ընթերցեց հայ պատանիներուն նուիրուած իր նոր բանաստեղծութիւնը, զանոնք կոչելով «յաղթապանծ, փառապանծ, Արփաշո՜ղ հայ պատանի»։
Խօսք առաւ նաեւ Տիար Միհրան Թումաճեան, որ մասնաւորաբար կոչ ուղղեց մրցանակաւորներուն՝ մասնակցելու Շուշիի մէջ յառաջիկայ ամառ տեղի ունենալիք ասմունքի համահայկական փառատօնին։
Առաջնորդ Սրբազանը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ յայտնեց, որ հոգւով եւ սրտով երջանիկ կը զգայ ի տես մեր խոստմնալից տաղանդաւոր աշակերտներու ելոյթներուն։ Ան մաղթեց, որ մասնակից աշակերտներուն թիւը յարաճուն վերելք արձանագրէ եւ թելադրեց, որ ասմունքի մասնակիցները Խնամակալ Մարմինի կողմէ ընտրուած ասմունքի կտոր մըն ալ արտասանեն, իրենց ազատ ընտրութիւններուն կողքին։ Ան յատուկ կերպով գնահատեց Խնամակալ Մարմինի եւ դատական կազմի անդամները, տնօրէնները, ուսուցիչները ու մանաւա՛նդ ծնողները, ի նպաստ հայապահպանման իրենց անսակարկ զոհաբերումին եւ նուիրումին համար, շնորհաւորելով եւ օրհնելով բոլորը ու մաղթելով, որ յառաջիկային հանրութեան ալ առիթ տրուի վայելելու այս երեկոն։ «Պահպանիչ»էն ետք, երեկոն վերջ գտաւ «Մեր Հայրենիք»ի խմբերգումով։