Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Միջ-Թեմական Հոգեւորականաց Համագումար Նուրիուած «Վերանորոգման»

Երկուշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ս. Թարգմանչաց տօնի նախօրեակին, Հիւսիսային Ամերիկայի մեր երեք թեմերու՝ Արեւելեան, Արեւմտեան ու Քանատայի թեմերու հոգեւորականաց դասերը երրօրեայ միացեալ համագումար մը ունեցան Մոնթրէալի մէջ, հիւրընկալութեամբ Քանատայի Թեմին։

Այս տարուան համագումարին ընդհանուր խորագիրն էր «վերանորոգում»՝ մեկնելով 2017-ը «Վերանորոգումի Տարի» հռչակող Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամէն։

Համագումարը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ երեք Թեմերու Առաջնորդներուն՝ Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի (Արեւելեան Թեմ), Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի (Արեւմտեան Թեմ) եւ Բարձր. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի (Քանատայի Թեմ)։

Համագումարը սկսաւ Երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբերի առաւօտուն, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ Գիշերային եւ Առաւօտեան ժամերգութեամբ, որուն աւարտին Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան հոգեւոր խորհրդածութիւն մը կատարեց «Վերանորոգումը եկեղեցւոյ առաքելութեան առանցքը» նիւթով։

Թեմակալ երեք Առաջնորդները հանդէս եկան ողջոյնի ու բացման խօսքով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Դիւանի ընտրութիւն։ Դիւանի առաջին ատենապետն էր Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, երկրորդ ատենապետը՝ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, իսկ ատենադպիրը՝ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան։

Համագումարը անցաւ իր աշխատանքներուն։ Տեղի ունեցան երկու դասախօսութիւններ. առաջին դասախօսն էր Փրոֆ. Կարին Փափազեան-Զոհրապեան, որ ներկայացուց «Մահը, Սուգը եւ Ընտանիքը» նիւթը։ Յաջորդեց երկրորդ դասախօսութիւնը, «Ամուսնական Խորհրդատուութիւն» խորագիրով, որ ներկայացուց Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Թրթռեան։ Յաջորդեց հարց-պատասխանի բաժին։ Օրակարգի յաջորդ բաժինին, Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարեց «Վերանորոգումը Նոր Կտակարանին մէջ» նիւթով։

Երեկոյեան, հոգեւորականաց դասու մասնակցութեամբ, Ս. Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ. պատարագիչն էր՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան։ Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ երեք թեմերուն մէջ ծառայած ու վախճանած հոգեւորականներու հոգիներու խաղաղութեան համար։ Ապա, «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ կատարուեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն մը, որուն մասնակից դարձան նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը. հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ հաւատացեալ ժողովուրդին զրուցելու հոգեւորականներուն հետ եւ ստանալու անոնց օրհնութիւնը։

Չորեքշաբթի, 4 Հոկտեմբերին, համագումարը շարունակեց իր երկրորդ օրուան աշխատանքները։ Առաւօտուն, Ս. Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որուն աւարտին Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան հոգեւոր խորհրդածութիւն մը կատարեց «Վերանորոգումը Հին Կտակարանին մէջ» նիւթով։

Այնուհետեւ, հոգեւորականաց դասը այցելեց Ս. Յակոբ Ազգ. Վարժարան։ Բարի գալուստի ջերմ խօսքերէն ետք, աշակերտները հրամցուցին փունջ մը բանաստեղծութիւններ եւ երգեր՝ նուիրուած Սրբոց Թարգմանչաց տօնին։ Աւարտին, Թեմակալ Առաջնորդը՝ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր գնահատանքը եւ խրախուսական խօսքը փոխանցեց աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին, յորդորելով կառչած մնալ հայոց ոսկեղնիկ լեզուին, ապրիլ հպարտօրէն եւ ըլլալ երաշխաւորը հայ ժողովուրդի պայծառ ապագային։

Համագումարը շարունակուեցաւ կէսօրէ ետք. լուսարձակի տակ առնուեցաւ դիակիզումի խնդիրը, քննարկուեցան թեմերու յառաջիկայ տասնամեայ ծրագիրի մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ հոգեւորականաց վերանորոգումն ու համայնքներու այժմէական մարտահրաւէրները։ Օրակարգի աւարտին, Հոգշ. Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան կատարեց խորհրդածութիւն մը՝ նիւթ ունենալով Աւետարանի «Նիկոդիմոսի հանդիպումը Յիսուսի հետ» դրուագը։ Համագումարը իր աւարտին հասաւ Թեմակալ Առաջնորդներու օրհնութեան խօսքերով։

Երեկոյեան տեղի ունեցաւ համագումարի եզրափակիչ ճաշկերոյթը, որ սովորական ընթրիքի մը պարունակէն դուրս գալով ստացաւ մեծարանքի երեկոյի բնոյթ՝ ի պատիւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի կուսակրօն քահանայութեան 50-ամեակին։

Քանատայի Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիկին Ծովիկ Թերզեան հանդէս եկաւ բարի գալուստի խօսքով։ Օշական Արքեպիսկոպոսի կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացուց Դպրեվանքի իր դասընկերն ու օծակիցը՝ Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկէլեան: Այնուհետեւ, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս պատեհ առիթը նկատեց յիշելու նաեւ Վարուժան Արքեպիսկոպոսի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 50-ամեակը։

Մեծարանքի երեկոյի ընթացքին յարգանք մատուցուեցաւ նաեւ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանին՝ քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 55-ամեակին եւ Եպիսկոպոսացման 40-ամեակին առիթներով, ինչպէս նաեւ Խաժակ ու Մուշեղ Արքեպիսկոպոսներուն՝ եպիսկոպոսական օծման 20-ամեակի առիթներով։

Երեկոն գեղարուեստական յայտագիրով ճոխացուցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանները՝ հոգեւոր եւ ազգային երգերով։

Յոբելեար Սրբազանը՝ Օշական Արքեպիսկոպոս խօսք առնելով անդրադարձաւ հայ եկեղեցականի ծառայեական կեանքի, նուիրուածութեան եւ համեստ նկարագրի կարեւորութեան մասին։ Ան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Բաբգէն Արքեպիսկոպոսին՝ ընծայուած յարգանքին եւ կատարուած մեծարանքին համար։

Այնուհետեւ, Մուշեղ Արքեպիսկոպոս առաջին հերթին շնորհաւորեց Օշական եւ Վարուժան Սրբազաններուն յոբելենական ամեակերը, ապա, շնորհակալական խօսքերով եւ գնահատանքի զգացումներով շնորհաւորեց Մոնթրէալահայ գաղութը իր ջերմութեան եւ կազմակերպուածութեան համար։

Երեկոն եզրափակուեցաւ Բարձր. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի շնորհակալական խօսքերով՝ ուղղուած Տիկին Շաքէ Կէօնճեանին, որ իր նուիրատուութեամբ հովանաւորեց համագումարի եւ մեծարանքի երեկոյի ծախսերը։ Ան անգամ մը եւս շնորհաւորեց յոբելեար Սրբազանները։

Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» ու «Ի Վեհ Բարձանց» մաղթերգներով երեկոն հասաւ իր աւարտին։

Հինգշաբթի, 5 Հոկտեմբերի առաւօտուն, հոգեւորականաց դասը ունեցաւ Գիշերային ժամերգութեան ու հաւաքական աղօթքի պահ մը, որմէ ետք հոգեւոր հայրերը մեկնեցան Քէպէք քաղաք։

Մեր Թեմի հոգեւորականաց դասու անդամները իրենց շրջանները վերադարձան Ուրբաթ, 6 Հոկտեմբերի երեկոյեան՝ համագումարին մթնոլորտով համակելու համար մեր ծուխերը եւ վերանորոգման պատգամները կենսագործելու մեր շրջաններուն մէջ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022