Հայոց Ցեղասպանութեան 99րդ Տարելիցին Նուիրուած Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ եւ Հոգեհանգիստ Ապրիլիեան Նահատակներու Յիշատակին

 

Չորեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2014ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի տարիներու սովորութեան համաձայն, տեղի ունեցաւ միացեալ Սուրբ Պատարագ, մասնակցութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու հոգեւոր Առաջնորդներուն եւ հոգեւորականներուն։ Կլէնտէլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին լեցուած էր հաւատացեալներու բազմութեամբ, աղօթելու եւ յարգելու յիշատակը մեր նահատակներուն, որոնք զոհ գացին հայոց ցեղասպանութեան։

Սուրբ Պատարագը մատուցեց Բարձր. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Սուրբ Պատարագին ներկայ էին նաեւ Հայ քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչները, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս՝ Տիար Սէրգէյ Սարգիսով, Ազգային Վարչութեան ու հայկական միութեանց ներկայացուցիչներ։

Քարոզի պահուն, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Սուրբ Խորան բարձրանալով, բարի գալուստի խօսք արտասանեց ներկայ հոգեւոր, ազգային ու քաղաքական ներկայացուցիչներուն, որմէ ետք հերթաբար հրաւիրուեցան Կլէնտէլի Սուրբ Երրորդութիւն Հայ Աւետարանական համայնքի հովիւ՝ Պատուելի Հենրիկ Շահնազարեան, Հիւսիային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան ու Պատարագիչ Սրբազան՝ Բարձր. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, որպէսզի իրենց սրտի խօսքերը ուղղեն ներկայ բազմութեան։

Իւրաքանչիւրը իր կարգին ողջունեց հաւատացեալները, վեր առնելով Ապրիլեան նահատակներու յիշատակը, շեշտելով Քրիստոսի յարութեան իրողութիւնը, որ ինքնին յոյս կը ներշնչէ մեր ժողովուրդին շարունակելու մեր երթը դէպի ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում։ Քրիստոսի պատգամը իւրաքանչիւր հայորդիի ուղղուած է, թէ պէտք չէ վախնալ, այլ հաւատալ ու վստահիլ Տիրոջ, որ իր յարութեամբ յաղթեց չարին, ուստի մենք եւս նոյն օրինակով յաղթական ժողովուրդի մը զաւակներն ենք եւ որպէս ժողովուրդ, մենք եւս պիտի յաղթենք։

Սրտի խօսքերէն ետք, Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցեց Ապրիլեան պատգամը, նախ եւ առաջ փառք ու գոհութիւն յայտնելով ամենակալ Աստուծոյ, թէ որպէս աշխարհացրիւ Հայ ժողովուրդ, հաւատարմօրէն կը շարունակենք ոգեկոչել մեր նահատակներուն յիշատակը, որպէս յարութեալ ժողովուրդի զաւակներ։ Սրբազան հայրը շեշտեց ըսելով. “Բայց մենք չընկանք, մենք յարութիւն առինք եւ միշտ կանք”, որովհետեւ հայ ազգը միշտ փարած մնաց իր հաւատքին ու հայրերու ուսուցումներուն։ Աւարայրէն մինչեւ այսօր, հայ ժողովուրդը ենթարկուած է ու տակաւին կþենթարկուի անհամար դժբախտ օրերու, սակայն մահը երբեք չէ կրցած ընկճել հայուն վերապրելու պայքարի ոգին։ Ան անդրադարձաւ տակաւին վերջին ամսուան դժբախտութեան, որուն ենթարկուեցաւ Քեսապահայութիւնը, տեղահան ըլլալով իր պապենական հողէն, նորէն Թուրք պետութեան հակահայ քաղաքականութեան արդիւնքով։ Սրբազանը ներկաներուն յիշեցուց Քրիստոսի խօսքը, որ մեր նահատակները լաւապէս ըմբռնած էին, թէ “Մի վախնաք անոնցմէ, որ մարմինը կը սպաննեն եւ սակայն հոգին չեն կրնար սպաննել” (Մտ 10.28)։ Ան փառք տուաւ Ատսուծոյ, որ անկախ հայրենիքով, Արցախով եւ Սփիւռքեան մեր կառոյցներով հաւատարմօրէն կը պաշպանենք մեր արդար դատը։

Սրբազանը մէջբերեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի խօսքը ըսելով. “Հայ Դատը իւրաքանչիւր հայուն եւ ամբո՛ղջ հայութեան դատն է…”։ Սրբազանը շնորհակալոթիւն յայտնեց բոլոր այն պետութիւններուն, որոնք մարդկային իրաւանց իբրեւ անկեղծ ջատագովներ ճանչցան հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն հերթը Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային կառավարութեան է հիմա։ Ան վստահեցուց հաւատացեալ բազմութեան, թէ պիտի գայ ժամանակը ցեղասպանութեան ճանաչման, նոյնինքն ցեղասպան թուրքիոյ կողմէ, սակայն միայն ճանաչումը բաւարար չէ, այլ պիտի պահանջենք մեր պապենական հողերը, ազգապատկան թէ անհատական կալուածները, մեր վանքերն ու եկեղեցիները եւ նահատակներու արեան գինը։ Սրբազանը շեշտեց թէ ճանաչումին պէտք է յաջորդէ հատուցում, ուստի մենք հայորդիներս, պէտք է յիշենք մեր նահատակները, յիշեցնենք աշխարհին ու պահանջենք արդար հատուցում։

Իր պատգամի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ պահէ ու պահպանէ մեր Հայրենիքը, Արցախն ու Սփիւռքը, Խաղաղութիւն պարգեւէ Սուրիական հայրենինքին ու մեր Քեսապցի ազգակիցները անյապաղ վերադառնան իրենց օճախները ու շէնցնեն պատմական Քեսապը։

Ապա Սուրբ Պատարագը շարունակուցեաւ եւ հաւատացեալները Սուրբ Հաղորդութիւն ստացան։ Պատարագի աւարտին, հոգեւորականաց դասը եւ հաւատացեալ բազմութիւնը ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ մուտքը կառուցուած Նահատակաց Յուշարձան-Խաչքար, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։ Ապրիլեան նահատակաց 99րդ տարելիցի յիշատակումը վերջ գտաւ “Կիլիկիա” մաղթերգով, “Էջմիածին Ի Հօրէ” շարականով եւ “Մեր Հայրենիք” քայլերգով։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022