Լոս Անճելըս գաւառի Վերակացու Քաթրին Պարկըրի նախաձեռնութեամբ, Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, Լոս Անճելըս գաւառի Վերահսկիչներու Խորհուրդը իր շաբաթական նիստին ընթացքին յատուկ արարողութեամբ մը ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակը, որուն ընթացքին 24 Ապրիլը հռչակուեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումի օր»։
Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան ներկայ եղաւ նիստին ու ընթերցեց Առաջնորդին խօսքը։ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։
Իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Վերակացու Քաթրին Պարկըրի եւ Վերահսկիչներու Խորհուրդի անդամներուն, որոնք անգամ մը եւս յարգեցին մեր սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը, ինչպէս նաեւ ամերիկահայ համայնքին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած մշտական զօրակցութեան համար աղօթելով, որ Աստուած օրհնէ եւ առաջնորդէ իրենց ծառայութիւնը։ Ան խնդրեց մեր սուրբ նահատակներուն բարեխօսութիւնը, ու աղօթք բարձրացուց բոլոր անցեալի ու ներկայի ցեղասպանութեանց զոհերուն յիշատակին։ «Կ’աղօթենք առ Աստուած, որ մեզի օգնէ մեր պայքարը շարունակելու աննահանջ երթով եւ անյողդողդ կամքով, յանուն Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ արդարութեան վերահաստատման, քաջ գիտնալով, որ ճշմարտութեան, արդարութեան ու մեր իրաւունքներուն պիտի վերատիրանանք, շնորհիւ Իր զօրութեան եւ առաջնորդութեան, ինչպէս նաեւ մեր համակիրներուն եւ զօրակիցներուն միացեալ ճիգերուն», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը։
Աւարտին, հայ ներկայացուցիչներուն յանձնուեցան մէկական հռչակագիրներ։