Նախաձեռնութեամբ Supervisor Մայքըլ Անթոնովիչի, Երեքշաբթի, 15 Ապրիլ 2014-ի առաւօտուն, Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին առթիւ, Լոս Անճելըս գաւառի Board of Supervisorsի շաբաթական նիստի ընթացքին յատուկ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ, Ապրիլ 24ը հռչակելով “Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր 1915-1923″։
Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, արարողութեան ներկայ եղաւ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։ Հայր Սուրբին կþընկերանային Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան եւ Բարշ. Մանուկ Սրկ. Չուլեան։
Supervisor Մայքըլ Անթոնովիչ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր արհաւիրքներուն մասին։ Ապա, խօսք առին Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսով եւ հայկական գաղութի հոգեւոր ու աշխարհական ներկայացուցիչներ։
Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Հայր Միւռոն շնորհակալութիւն յայտնեց Լոս Անճելըս գաւառի խորհուրդին որ ամէն տարի կը յիշէ եւ կը յիշեցնէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, որ ցաւօք սրտի այսօր ալ կը շարունակուի Սուրիոյ հայկական Քեսապ աւանին մէջ։