Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քէթրին Պարկըրի նախաձեռնութեամբ, վերահսկիչներու խորհուրդը՝ Board of Supervisors, Ապրիլ ամիսը նկատած է Հայոց պատմութեան նուիրուած ամիս եւ այս առիթով, իր նիստերուն ընթացքին պատիւի արժանացուց հայորդիներ, որոնք մեծ նպաստ բերած են հայութեան ու ամերիկեան հաւաքականութեան։ Պատիւի արժանացողներուն շարքին էր Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Ալեք Պաղտասարեան, որուն անունը առաջարկուած էր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ու Ազգային Վարչութեան կողմէ։ Տիար Ա. Պաղտասարեանի գնահատագրի փոխանցումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 24 Ապրիլի նիստին։
Տիար Պաղտասարեան այս պատիւին արժանացաւ, որովհետեւ իր ընկերութեան՝ Information Integration Group-ին միջոցով լայն օժանդակութիւն տրամադրած է հայութեան՝ մեր գաղութին, Հայաստանի ու Արցախի մէջ։