Չորեքշաբթի, 23 Յունուար, 2019-ին, Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետութեան Կրօնական եւ Կամաւոր Ծառայութեան բաժանմունքը կազմակերպած էր ծանօթացման հանդիպում մը, հրաւիրելով ասնաւորաբար բանտարկեալներուն հոգեւոր մատակարարութիւն մատուցող հոգեւորականներ ու ծառայողներ։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան ներկայ եղաւ հանդիպումին։ Խօսք առին ոստիկանապետութեան տարբեր բաժանմունքներու ներկայացուցիչներ, որոնք գնահատանքով արտայայտուեցան բանտարկեալներուն ծառայութիւն մատուցողներուն աշխատանքին մասին եւ ներկայացուցին բարենորոգչական ծրագիրներ։ Շեշտը դրուեցաւ բանտարկեալներուն սիրտերն ու հոգիները բարեփոխելու եւ զանոնք բնականոն կեանքի պատրաստելու միջոցներուն վրայ, որոնց իրականացման մէջ, պետական պատասխանատուներն ու հոգեւոր մատակարարները սերտօրէն կը գործակցին։