LA2DC Նախաձեռնութեան Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան


Ուրբաթ, 27 Փետրուար 2015ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը LA2DC նախաձեռնութեան կազմակերպիչներուն՝ Օհան Պաղտասարեանի, Կրէկ Աղամանուկեանի եւ Վահէ Պապայեանի, որոնք եկած էին լուսաբանութիւն տալու Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակման իրենց իւրայատուկ ծրագիրին մասին:

Յարգելի հիւրերը բացատրեցին, որ 100ամեակին առիթով, կազմակերպած են Լոս Անճելըսէն դէպի Ուաշինկթըն հեծելարշաւ մը, որուն նպատակն է ուշադրութիւն կեդրոնացնել եւ հետաքրքրութիւն շարժել ցեղասպանական անցեալի արարքներու գծով, անոնց կրկնութիւնը կանխարգիլելու նախանձախնդրութեամբ: Արշաւը սկիզբ պիտի առնէ 24 Ապրիլին, Լոս Անճելըսէն: Մասնակցողները Ուաշինկթըն պիտի հասնին 7 Մայիսին, երբ նախատեսուած է Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով յատուկ յուշահանդէսներ ու արարողութիւններ, ի ներկայութեան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ երկու Վեհափառ Հայրապետներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին:

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց այս ուշագրաւ եւ մեծ ճիգ պահանջող ծրագիրը, օրհնեց բոլոր մասնակիցները եւ մաղթեց, որ մեր իրաւունքներուն ծանօթացման նպաստող այս արշաւը պսակուի յաջողութեամբ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022