Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ ծխական համայնքը յիշատակելի օրեր ապրեցաւ 30 Ապրիլէն 1 Մայիս շաբաթավերջին, տօնելով եկեղեցւոյ օծման Գ. տարեդարձը եւ վերանորոգելով քրիստոնէական հաւատքի ու նուիրեալ ծառայութեան յանձնառութեան ուխտը:
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 1 Մայիս 2016ին Ս. Պատարագ մատուցեց Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ, կատարեց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ պատին քանդակուած Նուռի Ծառի օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկայ եղաւ ծխական յանձնախումբի կազմակերպած սիրոյ ճաշկերոյթին:
Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան եւ Արժ. Տ. Աւետիս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան: Ներկայ էին Հայ Աւետ. եւ Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները, Լաս Վեկասի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Տիար Ատրուշան Արմէնեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Անդրանիկ Գասպարեան եւ Տիկինը՝ Սօսի, Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարներէն Տէր եւ Տիկին Օսկօ եւ Երան Կիրակոսեան, Հ.Յ.Դ. «Իշխան» Կոմիտէին, ՀՕՄի «Շուշի» եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արցախ» մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ Լաս Վեկասի մէջ գործող այլ միաւորներու ներկայացուցիչները:
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը, ողջունելէ ետք ներկայացուցչական դէմքերուն եւ հաւատացեալներուն ներկայութիւնը, գոհունակութիւն յայտնեց, որ եկեղեցւոյ օծման Գ. տարեդարձը կը նշուի գաղութին բոլոր միաւորներուն մասնակցութեամբ, որոնց ճիգերուն, հաւատքին, յոյսին, եւ սիրոյն միացումին արդիւնքն էր այս եկեղեցւոյ հիմնադրութիւնն ու տարուէ տարի բարգաւաճումը: Ան օրհնեց յիշատակը եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար ԼԷրի Պարնզի եւ անոր տիկնոջ՝ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի, որոնց նիւթական ու բարոյական նուիրաբերումն ու ծառայութիւնները յիշատակելի էջեր արձանագրած են թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ գաղութի պատմութեան մէջ: Ան շեշտեց, որ այս տօնախմբութիւնը տեղի կ’ունենայ Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող շաբաթներու մթնոլորտին մէջ, իսկ շաբաթ մը առաջ, հայութիւնը ապրեցաւ Ցեղասպանութեան 101րդ տարեդարձի վերանորոգող պահը, հաստատելով «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» յանձնառութիւնը:
Խօսելով օրուան Աւետարանի ընթերցումէն բխող պատգամին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ ի ծնէ կոյրին բժշկութեան հրաշքով, Քրիստոս ոչ միայն իր աստուածային զօրութիւնը անգամ մը եւս յայտնեց, այլ նաեւ գործնական վկայութիւնը տուաւ իր աշխարհի լոյս եւ բարի եւ ճշմարիտ հովիւը ըլլալուն իրողութեան, ու անով առաջնորդուելու պատգամին։ Ան աշխարհ եկաւ իբրեւ լոյս, որպէսզի մեր կեանքերը կենսաւորուին Իրմով, եկաւ որոնելու հոգեւոր կուրութեան մատնուածները: Անոր կեանքի ու լոյսի պարգեւները իբրեւ շնորհք կը տրուին բոլորին, սակայն իւրաքանչիւր անհատի պարտականութիւնն է ընդունիլ այդ պարգեւը եւ քալել լուսոյ ճամբէն, զԻնք հրաւիրել մեր սիրտերուն մէջ եւ մեր հոգեկան ականջները բանալու Իրեն: Առաջնորդ Սրբազանը հաստատեց, որ այս եկեղեցւոյ հաստատման ու կառուցման երթը եւս առաջնորդուած էր նոյն լոյսով. գաղութի զաւակներն ու միաւորները ի մի խմբուեցան հաւատքով, յոյսով ու սիրով, ու վստահաբար նոյն ոգիով եւ առանց թուլանալու պիտի շարունակեն ծառայութիւնը, որպէսզի խաւարը ընդմիշտ փարատի:
Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ հայութիւնը շաբաթ մը առաջ յիշատակեց Ցեղասպանութեան 101րդ տարեդարձը. 1.5 միլիոն հայորդիներ իրենց ֆիզիքական կեանքերը կորսնցուցին, սակայն Տիրոջմով շահեցան յաւիտենական կեանք, եւ այժմ, մեր սրբադասեալ նահատակները բարեխօս են մեզի համար: Ապա, խօսելով Ապրիլի առաջին օրերուն, Արցախի վրայ ազերիական ծանօթ յարձակումներուն ու անոնց դառն հետեւանքներուն մասին, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Արցախի կողքին միակամօրէն կանգնելու հայութեան կեցուածքին եւ կոչ ուղղեց, որ Լաս Վեկասի հայութիւնը եւս գործնապէս զօրակցի Արցախին, ընդառաջելով Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ուղղած հանգանակութեան հրաւէրին: «Վեհափառ Հայրապետը 2016ը հռչակած է Ծառայութեան Տարի. եկէ՛ք, այս ոգիով ընդառաջենք հայրապետական պատգամին, վերանորոգ հաւատքով ու կենսունակութեամբ ծառայենք Տիրոջ, մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, ու հայրենիքին», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ Լէրի եւ Սեդա Պարնզի ու եկեղեցւոյ բոլոր ննջեցեալ բարերարներուն ու նուիրեալ ծառայողներուն յիշատակին:
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն կողմէ առաջնորդուած թափօրով, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ բակը, ուր կատարեց պատին քանդակուած Նուռի Ծառի օրհնութիւնը. ծխական յանձնախումբը այս նախաձեռնութեան դիմած էր, նշելու համար Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ օծման երրորդ տարեդարձը, իբրեւ խորհրդանշան յոյսի եւ կեանքի: Ներկայ էին ծառին հովանաւորները՝ Տէր եւ Տիկին Վաչէ եւ Արլին Սարգոյեան: Արարողութենէն ետք, Լաս Վեկասի Հայկական Պարի դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին պարեր: Հնչեցին «Կիլիկիա»ն եւ Հայաստանի Քայլերգը:
Արարողութենէն ետք, ծխական յանձնախումբը Առաջնորդ Սրբազանն ու ներկաները «Գուճաքեան» սրահին մէջ պատուեցին ճաշի հիւրասիրութեամբ, որ կազմակերպուած էր Տիկնանց Միութեան կողմէ, հիւրընկալութեամբ Տիկին Արփի Գութնուեանի: Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արսէն Քահանայ արտասանեց ողջոյնի խօսք. ան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, այս տարեդարձին առիթով ծխական համայնքը պատուելուն համար ու մաղթեց, որ ընդ երկար շարունակէ իր առաքելութիւնը:
Եկեղեցւոյ ծխական յանձնախումբը յուշանուէրով մը պատուեց եկեղեցւոյ քարտուղարուհին՝ Տիկին Ռիթա Հաւանճեանը, անոր տասնամեայ ծառայութեան համար: Յուշանուէրը յանձնեց Առաջնորդ Սրբազանը: Լաս Վեկասի Հայ-Ամերիկեան Մշակութային ընկերակցութեան անունով խօսք առաւ Տիար Ատրուշան Արմէնեան եւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ քաղաքի Սանսէթ հանրային պարտէզին մէջ Ցեղասպանութեան յուշարձանին կանգնումի աշխատանքներուն. ծանօթ է, որ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով կանգնած յուշարձանին բացումը կատարուած էր անցեալ Նոյեմբերին: Տիար Արմէնեան հրաւիրեց Ընկերակցութեան նախագահ Տիար Լեւոն Կիւլպէնկեանը, որպէսզի յուշանուէրներ յանձնէ այս ծրագիրին իրականացման մասնակցած ու զօրակցած անհատներու եւ կազմակերպութեանց: Յուշանուէրներ յանձնուեցան Առաջնորդ Սրբազանին, Հ.Յ.Դ.ի, ՀՕՄի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ այլ միաւորներու ներկայացուցիչներուն եւ նուիրեալ անհատներու, իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն: Յուշանուէրները մանրակերտն էին յուշարձանին:
Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով անգամ մը եւս շնորհաւորեց ծխական համայնքը, գնահատեց ծխական համայնքին նուիրումով ծառայողները եւ նշեց, որ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ 2016ը Ծառայութեան Տարի հռչակումը ազնիւ հրաւէր է բոլորին, որպէսզի նուիրաբերումի ուղին ընդարձակուի: Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով:
Նշենք նաեւ, որ Առաջնորդ Սրբազանը Շաբաթ, 30 Ապրիլի երեկոյեան ներկայ եղած էր Տէր եւ Տիկին Ճերի եւ Սալբի Կիւտէրեանի բնակարանին մէջ հիւրընկալութեան մը, որ կազմակերպուած էր իբրեւ զօրակցական արտայայտութիւն՝ Տէնի Թարխանեանի ընտրապայքարին: Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց գնահատանքի խօսք ու յաջողութիւն մաղթեց թեկնածուին: Ան յուշանուէրներ յանձնեց Տ. Թարխանեանի եւ հիւրընկալ ամոլին: