Երեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2019-ին, UCLA-ի մէջ տեղի ունեցաւ «The Promise -Մարդկային Իրաւունքներու Հիմնարկ»ի պաշտօնական բացումը։ Համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքէն ներս գտնուող այս հիմնարկը պիտի ծառայէ մարդկային իրաւունքներու ուսումնասիրութեան, հետազօտութեան եւ պաշտպանութեան որպէս կեդրոն։ Հիմնարկը հաստատուած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «The Promise» շարժապատկերի հասոյթէն տրամադրուած 20 միլիոն տոլարի նուիրատուութեան միջոցաւ։ Նշենք, որ շարժապատկերի հասոյթը յատկացնելու որոշումը նախաձեռնութիւնն է Տոքթ. Էրիք Իսրայէլեանին, որ «The Promise» շարժապատկերի գլխաւոր արտադրիչն է եւ UCLA համալսարանի բժշկական բաժանմունքի անդամ։
Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ընդունելութեան ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննաքեան։