Լիբանանի անկախութեան 72րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 22 Նոյեմբեր 2015ի երեկոյեան, Pacific Palisades շրջանի Riviera Country Club-ին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, հիւրընկալութեամբ Լիբանանի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիար Ճոնի Իպրահիմի եւ իր Տիկնոջ:
Ընդառաջելով իրեն ուղղուած հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ընդունելութեան եւ գլխաւոր հիւպատոսին փոխանցեց հայութեան շնորհաւորանքն ու խաղաղութեան բարեմաղթութիւնները: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կþընկերանար Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։
Արտասանուեցան յաւուր պատշաճի խօսքեր, գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ գողտրիկ համերգ մը: