Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Լիբանանի անկախութեան 75-րդ տարեդարձին առիթով, ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ քաղաքամէջի «Սիքէյտա» ճաշարանին մէջ, հիւրընկալութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Տիկին Միռնա Խաուլիի։
Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան ներկայ եղաւ ընդունելութեան եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին շնորհաւորութիւնները։ Ներկայ էին նաեւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Տիար Վահէ Եագուպեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
Պաշտօնական յայտագիրը սկսաւ քայլերգներու երգեցողութեամբ։ Հանդիսավարին բացման խօսքէն ետք, ողջոյնի խօսք արտասանեց Տիկին Միռնա Խաուլի, շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին ընդառաջողներուն եւ ուղղեց իր պատգամը։ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի կողմէ գնահատագիր մը յանձնուեցաւ հիւպատոսին։ Յայտագիրը աւարտին հասաւ տարեդարձի կարկանդակի հատումով։