Շաբաթ, 22 Նոյեմբերին, Լիբանանի անկախութեան 71րդ տարեդարձը նշուեցաւ պաշտօնական ընդունելութամբ մը, որ տեղի ունեցաւ Riviera Country Club-ին մէջ, Pacific Palisades, հիւրընկալութեամբ Լիբանանի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիար Ճոնի Իպրահիմի եւ իր Տիկնոջ։
Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ փոխանցեց Սրբազանին շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները։ Ներկայ է Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, ինչպէս նաեւ նախկին լիբանանահայ ազգայիններ: