Շաբաթ, 19 Յունուար 2019-ին, Եու. Սի. Էլ. Էյ. համալսարանի յարկին տակ տեղի ունեցաւ Melkonian Global Overture-ի կազմակերպած՝ «Ապրող Սփիւռք» խորագիրով միօրեայ ձեռնարկը, որուն գլխաւոր նպատակն էր նեցուկ կանգնիլ համալսարանի «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնին, որ այս տարէ կը նշէ իր 50-ամեակը։ Յայտագիրը կ’ընդգրկէր վաւերագրական կարճ ժապաւէնի մրցոյթ, զրոյց, ապա երգահանդէս մը, նուիրուած Հայոց լեզուին եւ արմատներուն։ Նախաձեռնութեան հիմնական նպատակն էր լուսարձակի տակ բերել հայկական ինքնութիւնը։
Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան ներկայ գտնուեցաւ ձեռնարկին։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնակատար Արայիկ Յարութիւնեան։