Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, Լոս Անճելոսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի հրաւէրով, հոգեւորական եւ համայնքային ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ Լոս Անճելոսի քաղաքապետարանին մէջ ներկայ գտնուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած յատուկ ներկայացումի մը, որուն ընթացքին գնահատանքի եւ պատիւի արժանացան «The Promise» ժապաւէնի պատրաստութեան պատասխանատուները։ Յանուն Թեմիս Առաջնորդ Բարձ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհն. Աթմաճեան ներկայ գտնուեցան հանդիսութեան։
Խօսք առին քաղաքապետ Էրիք Կարսէթի, խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, երգահան եւ երգիչ Սերժ Թանքեան ու «The Promise» ժապաւէնի համա-արտադրող Տոքթ. Էրիք Իսրայէլեան։