Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի, Չորեքշաբթի, 18 Ապրիլ 2018-ի առաւօտուն, քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի յիշատակման պաշտօնական հանդիպում մը, մասնակցութեամբ հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներու։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, հանդիպումին ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։
Այս առիթով, քաղաքապետական խորհուրդը պատուեց կրթական կեանքի մէջ վաստակ կերտած հայորդիներ՝ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, Տիար Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը, Տիկին Վիվիըն Էքճեանը եւ USC համալսարանի յարկին տակ գործող «Շոահ» հիմնարկը։