Երեքշաբթի, 9 Ապրիլ 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի։ Յարգելի հիւրին կ՛ընկերանար անոր գրասենեակի նոր վարիչ Տիար Կարօ Թորոսեան։
Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու Լոս Անճելըսն ու մեր գաղութը յուզող զանազան հարցերու շուրջ, ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչում եւ միասնական ձեռնարկներ, ու քաղաքապետութեան կողմէ նախատեսուած նախաձեռնութիւններ։
Հանդիպումը վերջ գտաւ համագործակցութիւնն ու փոխադարձ զօրակցութիւնը շարունակելու ակնկալութեամբ։