Աւագ Հինգշաբթին Մեր Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ


Աւագ Հինգշաբթին Ս. Յարութեան տօնը կանխող այն օրն է, որ կը յիշատակուի Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի վերջին դէպքերը ու պատգամի վերածուած պահերը խորհրդանշող արարողութիւններով:

Հինգշաբթի, 24 Մարտ 2016ին, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ այս առիթով տեղի ունեցան շարք մը արարողութիւններ: Առաւօտուն, տեղի ունեցաւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատման յիշատակը մարմնաւորող Ս. Պատարագ, ի յիշատակ Վերջին Ընթրիքին եւ նոյն պահուն իր աշակերտներուն հետ հաց ու գինի բաժնեկցելու Յիսուսի արարքին, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի մարմինին ու արեան ճամբով հաղորդակից ըլլալ մեր Տիրոջ, եկեղեցւոյ ու անոր զաւակներուն հետ:

Յետմիջօրէին, կատարուեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւնը, որ կը յիշատակէ իր աշակերտներուն ոտքերը լուալու Քրիստոսի խորհրդաւոր արարքը որ խոնարհութեան մշտանորոգ պատգամը կը փոխանցէ բոլոր ժամանակներու մարդկութեան: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Ան մանուկներու, դպիրներու եւ սարկաւագներու ոտքերու լուացումէն ետք, իր պատգամին մէջ Ոտնլուայի խորհուրդը հարազատօրէն արտայայտելէ ետք, հաւատացեալները յորդորեց որդեգրելու այս արարողութենէն բխող թելադրութիւնը, որպէսզի մեր ծառայութեան կեանքը սիրով եւ խոնարհութեամբ առաջնորդենք, ինչպէս ըրաւ մեր Տէրը:

Երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Խաւարման Գիշերի արարողութիւնը, որ կը յիշատակէ Յիսուսի մատնութիւնը, ձերբակալումը, դատուիլն ու չարչարանքները: Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ արարողութեան եւ ուղղեց իր պատգամը: Արարողութեան ընթացքին, հոգեզմայլ շարականներու երգեցողութեամբ եւ աւետարանական իրերայաջորդ հատուածներու ընթերցման պահուն, մէկ առ մէկ մարեցան աշակերտները խորհրդանշող մոմերը, վառ պահելով միայն մէկ մոմ, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի անմար լոյսը:

Արարողութեան խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամի ընդմէջէն, շեշտեց Քրիստոսի հնազանդութիւնը իր հօր՝ Աստուծոյ կամքին, նշելով, որ Ան յանձն առաւ մեր մեղքերու թողութեան եւ փրկութեան համար ինքնուրացութեան եւ զոհողութեան գագաթնակէտը հանդիսացող չարչարանքները։ Իր հնազանդութեամբ՝ Ան իր անսահման սէրն ու վստահութիւնը յայտնեց Աստուծոյ, երբ ըսաւ. «Ոչ իմ կամքս, այլ Քու կամքդ թող ըլլայ»: Իր զոհագործութեան խորհուրդով, Ան մեզի հանդէպ իր սէրը արտայայտեց եւ մեղքերէ ազատագրումը երաշխաւորեց, եզրակացուց Առաջնորդ Սրբազանը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022