18 Ապրիլ 2019-ին, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան Աւագ Հինգշաբթի օրուան հոգեպարար արարողութիւնները։
Առաւօտեան, տեղի ունեցաւ Յիսուսի Վերջին Ընթրիքի ընթացքին Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին հաստատման նուիրուած Ս. Պատարագը, որուն ընթացքին ժողովուրդը ստացաւ Ս. Հաղորդութիւն։
ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Յետմիջօրէին, կատարուեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւնը, յիշելով խոնարհութեան ու ծառայասիրութեան Քրիստոսի պատգամը, որ մարմնաւորուեցաւ աշակերտներուն ոտքերու լուացումի խորհուրդով։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ եւ օրուան յատուկ պատգամը փոխանցեց։
ԽԱՒԱՐՄԱՆ ԳԻՇԵՐ
Աւելի ուշ, տեղի ունեցաւ Խաւարման գիշերուան հոգեպարար արարողութիւնը, յիշատակելով Յիսուսի մատնութիւնը, ձերբակալութիւնն ու չարչարանքը: Արարողութեան ընթացքին, շարականներու երգեցողութեամբ եւ աւետարանական իրերայաջորդ հատուածներու ընթերցման պահուն, յաջորդաբար մարեցան Յիսուսի աշակերտները խորհրդանշող մոմերը, վառ պահելով մէկ մոմ, խորհրդանշելով Քրիստոսի անմար լոյսը:
Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին արարողութեան եւ իր պատգամը ուղղեց։