Ս. Յարութեան տօնը կանխող բազմախորհրուդ Աւագ շաբթուան Հինգշաբթին նուիրուած է Առաքեալներուն հետ Յիսուսի Վերջին Ընթրիքին, որուն ճամբով հաստատուեցաւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը, եւ որուն ընթացքին Յիսուս նաեւ լուաց Իր աշակերտներուն ոտքերը, բոլորին տալով խոնարհութեան ու ծառայասիրութեան օրինակը։
Աւագ Հինգշաբթի օրը կը յիշատակուի նաեւ Քրիստոսի մատնութիւնը, որուն համար կը կատարուի Խաւարման Գիշերուան յատուկ արարողութիւն։
Հինգշաբթի, 5 Ապրիլի յետմիջօրէին ու երեկոյեան, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան յիշեալ խորհուրդները յիշատակող արարողութիւններ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ոտնուայի արարողութիւնը կատարեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ, ու այս առիթով հաւատացեալներուն ուղղեց իր պատգամը։
Յիսուսի »Ես ձեզի օրինակ մը տուի, որպէսզի դուք ալ իրարու ընէք այն՝ ինչ որ ես ձեզի ըրի (Յովհ. 13։15)« խօսքը մէջբերելով սկսաւ Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը։ Ան կանգ առաւ Յիսուսի այս արարքին մէջ խտացած խորհուրդին վրայ։ Ան յիշեցուց, որ Իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով՝ Յիսուս անոնց թելադրեց ընել այն՝ ինչ որ ինք ըրաւ անոնց. »Մենք եւս, այս մանուկներուն ոտքերը լուալով, անոնց պիտի սորվեցնենք սէր, խոնարհութիւն ու ծառայութիւն. մեր ծնողներուն պարտականութիւնն է այս բոլորը տարածել մեր մանուկներուն ու պատանիներուն կեանքին մէջ«, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը։
Խաւարման Գիշերուան հսկումին՝ Առաջնորդ Սրբազանը Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Քրիստոսի մատնութեան ու չարչարանքներուն յիշատակման յուզիչ արարողութեանց, որոնք տեւեցին մինչեւ ուշ գիշեր։ Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ մարդուն հանդէպ Աստուծոյ անսպառ սիրոյն ու զոհողութիւներուն վրայ, ընդգծելով, որ Աստուած Իր Միածինը մարդկութեան փրկութեան համար զոհաբերեց. ան շեշտեց, որ մեղաւոր մարդը պէտք է երախտագիտութեամբ հետեւի Տիրոջ պատգամներուն, իսկ Յուդայի մատնութեան արարքին մէջ շեշտեց Աստուծոյ բարեսրտութեան դիմաց մարդուն ապերախտութեան արտայայտութիւնը։ Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց վերանորոգելու երախտագիտութեամբ ապրելու ուխտը եւ Յարութեան խորհուրդով կենսաւորելու մեր կեանքերը։