Աւագ Հինգշաբթի երեկոյեան, խաւարման գիշերուան հսկումի արարողութիւնը կատարուեցաւ Թեմիս բոլոր եկեղեցիներէն ներս, յիշելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մատնութեան, ձեռբակալութեան, դատավարութեան եւ չարչարանաց պահերը։
Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան այս յուզումնալից եւ հոգեպարար արարողութեան նախագահեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան ընթացքին, նախքան եօթը Աւետարաններու ընթերցումը, Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն թիւով եւ խորհուրդով 12 մոմերը վառուեցան, որոնցմէ մին սեւ գոյնով կը ներկայացնէր Յուդան։ Իւրաքանչիւր Աւետարանի ընթերցումէն ետք, զոյգ առ զոյգ մոմերը մարեցան, յիշեցնելով Յուդայի կողմէ Յիսուսի դաւաճանութեան եւ մատնութեան, Անոր ձեռբակալութեան, Պետրոս Առաքեալի կողմէ ուրացման, դատավարութեան եւ չարչարանքներու պահերուն եւ աշակերտներու կողմէ Յիսուսի լքուելուն պարագաները։ Միակ վառած մոմը Յիսուսի միայնակ մոմն էր, առանձին, որ մութ եւ խաւար հոգիները պիտի լուսաւորէր։
“Փառք ի Բարձունս” եւ “Ո՞ւր ես մայր իմ” երգեցողութենէն ետք, եկեղեցւոյ մթութեան մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը փոխանցեց, յուզիչ կերպով ներկայացնելով նոյն պահուան խորհուրդը։ Ապա, ան վեր առաւ Յիսուսի զոհագործութեան խորհուրդին իմաստը, կոչ ուղղելով հաւատացեալներուն արդար իրապաշտութեամբ թափանցել մեր մեղքերու համար տրուած գինի իմաստին եւ ըստ այնմ սիրով եւ հաւատարմութեամբ Աստուծոյ կամքին հնազանդիլ։
Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ “Խաչի Քո Քրիստոս” շարականի յուզիչ երգեցողութեամբ։